ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԿԱԹԻ ԱՆԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ԱԽՏԱՄԵՐԺՈՒԹԻՒՆԸ

Արեան մէջ երկաթի պակասը կրնայ յանգեցնել ախտամերժ (immune) համակարգի կարեւոր բջիջներու` լիւքոսիթներու (leukocytes) քանակի կտրուկ նուազումին, կ’ըսեն քաղցկեղի ուսումնասիրման գերմանական կեդրոնի հետազօտողները Science Advances պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ: Երկաթի մատակարարումը բջիջներուն կը վերահսկուի IRP-1 եւ IRP-2 երկու սպիտակուցներով (proteins), նշուած է նոյն յօդուածին մէջ: Գիտնականները արգելակած են երկու սպիտակուցներու աշխատանքը տարեց մուկերու մօտ,…