«ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՍՏԵՂԾԵԼ ՆՈՐ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

  Հարցազրոյց՝ ՏՆՕՐԷՆ ՎԱՀԷ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ-ի հետ           2023 տարին կը զուգադիպի Ազունիէի Ազգային Բուժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին: Բուժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը շուտով կը յայտարարեն այս առիթին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծրագիր մը:         Անոր պատմութեան, առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով, «Զգոյշ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Բուժարանի տնօրէն Վահէ Գամպուրեանի հետ:   «ԶԳՈՅՇ».- Ե՞րբ հիմնուած է Ազունիէի…

ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԽԱՂԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

  Սնունդը, խաղը եւ սիրով լեցուն ու ապահով միջավայրը կը զարգացնեն երեխային ուղեղին աշխատանքը՝ ամուր հիմք ստեղծելով անոր ամբողջ կեանքին համար: Խաղը երեխային իրաւունքն է. ան էական նշանակութիւն ունի անոր մտաւոր, ֆիզիքական, ընկերային եւ զգացական յատկութիւններու զարգացման համար: Խաղի վրայ հիմնուած կրթութիւնը երեխաներուն մօտ կը ձեւաւորէ համագործակցելու կարողութիւնը, ստեղծագործ միտքը եւ հետաքրքրասիրութիւնը, որոնք 21-րդ դարու…

Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ

Պատուաստը կը պաշտպանէ մեզ լուրջ, յաճախ մահացու հիւանդութիւններէ՝ օգնելով մեր մարմնի բնական պաշտպանութեան՝ ախտամերժ համակարգին պայքարելու անոնց դէմ: Պատուաստը կը նմանակէ նոյն իրավիճակը մարմնին մէջ, երբ ան կ’ենթարկուի ժահրային կամ պաքթերիաներու յարձակումին, սակայն առանց մեզ հիւանդացնելու: Պատուաստներու մեծ մասը կը պարունակէ մահացած կամ տկարացած մանրէներ, այդ պատճառով անոնք պատճառ չեն դառնար հիւանդութեան: Ներարկումէն ետք պատուաստները…

ԿԼԻՄԱՅԻ ՏԱՔԱՑՈՒՄԸ

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Կլիմայի փոփոխութիւնը օդի տաքացումն է, որ կախեալ է երկրագունդի մթնոլորտին մէջ գտնուող ջերմոցային կազերու (ածխաթթու կազ, օզոն, մեթան…) խտութենէն, որուն պատճառը յաճախ մարդածին է: Այս կազերը կը տաքցնեն Երկրի ստորին շերտերը թոյլ չտալով որ արեւու ճառագայթները արտացոլան («reflection»), որոնք մնալով Երկրի մակերեսին չեն ձգեր որ մոլորակը սառի: Այս կազերը կը կոչուին ջերմոցային կազեր,…

ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ՝ ՀԻՆ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐՈՒՆ

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ   Հայաստանի մէջ բժշկութիւնը մօտաւորապէս երեք հազար տարուան պատմութիւն ունի: Հնագիտական պեղումներ կը վկայեն ուրարտական եւ աւելի հին շրջանի բժիշկութեան մակարդակի մասին: Ժամանակի ընթացքին, ստեղծուած է դեղանիւթերու հարուստ գանձարան մը: Հայկական լեռնաշխարհի դեղաբոյսերը արտածուած են տարբեր երկիրներ: Հայաստան եղած է արժէքաւոր խէժատու բոյսերու եւ դեղերու հայրենիքը: Գլխաւոր դեղանիւթեր եղած են Հայկաւը, Հայքարը, Ուպանը,…