ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՎԱՐՈՒՆԳԸ ԸՆԴԳՐԿԵԼ ՄԵՐ ՍՆՈՒՆԴԻՆ ՄԷՋ

Վարունգի գործածութիւնը կ’օգնէ առողջութեան բարելաւման, կը հաւաստիացնէ Տոքթ. Ժոնա Պուրտէոս «Eat this, Not that!» կայքէջին մէջ։ Առողջական ո՞ր հարցերուն համար օգտակար է վարունգը։   Վարունգը կը պահպանէ ոսկորներու առողջութիւնը Վարունգը յատկապէս օգտակար է հասուն կիներուն եւ տարեց այրերուն, որոնք դէմ յանդիման կը գտնուին ոսկրային հիւսուածքներու մաշումի, օսթէոբորոզի եւ ոսկորներու փխրունութեան հարցերու, որոնց հետեւանքով անոնք ոսկորներու…