ՀԱՑԻ ԲՈՐԲՈՍԸ ԿՐՆԱՅ ՄԱՀԱՑՈՒ ԸԼԼԱԼ

Բորբոսով ուտելիքները, մասնաւորապէս հացը, վտանգաւոր են երեխաներու, յղիներու եւ տկար ախտամերժութիւն ունեցող մարդոց համար: «The Sun»-ի համաձայն, ուտեստեղէնի անվտանգութեան ծառայութեան մասնագէտները եւ Միացեալ Նահանգներու գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեսչութիւնները կը զգուշացեն բորբոսած ուտեստեղէնի մահացու վտանգէն: Անոնք խորհուրդ կու տան թափելու ամբողջ հացը, այլ ոչ միայն կտրել բորբոսած հատուածները: Ի տարբերութիւն մանրէներու` բորբոսասունկերը կազմուած են անզէն աչքով տեսանելի…