ԿԵՆՍԱՆԻՒԹ E (VITAMINE E)

E կենսանիւթը այլապէս կոչուած է նաեւ ամլութեան կենսանիւթ: Քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ, Իվընզ եւ Պիշոփ գիտնականները, 1922-էն մինչեւ 1936 բազմաթիւ փորձերէ յետոյ, կը հաստատեն, որ եթէ յղի մուկերու տրուէր մասնաւոր սնունդ մը՝ զուրկ բոլորովին E կենսանիւթէն, անոնք ենթակայ կ’ըլլային վիժումի: Փաստուեցաւ նաեւ, որ անոր պակասը երբեմն պատճառ կը դառնար ամլութեան: Փորձերը յամառ կերպով կը…