ԹՈՒԶԸ

Քաղցրահամ պտուղներու շարքին թուզը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ՝ սնուցիչ ու բուժիչ իր բացառիկ յատկութիւններով։ Առաւելաբար ճոխ է շաքարի իր պաշարը (30-40%)։ Այս մարզին մէջ խաղողը միայն կրնայ մրցիլ անոր հետ։ Իսկ շաքարը, ինչպէս յայտնի է, աղբիւր է մեր մարմնի անհրաժեշտ ջերմուժին, որ կ’ապահովէ մեր հիւսկէններուն եւ մկաններուն կեանքն ու աշխատանքը։ Բացի շաքարէն՝ թուզը հարուստ է…