ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ – ARMENIAN DISEASE

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ «Հայկական հիւանդութիւն» (Armenian disease) կոչումը ոչ գիտական է: Այսպէս կոչուած է հայերու կողմէ, որովհետեւ ան յաճախակի երեւոյթ մըն է հայերուն մէջ: Կը կարծուի, որ հայերուն 0.2-1.5 տոկոսը ունի այս հիւանդութիւնը: «Հայկական հիւանդութեան» բժշկական, գիտական անուանակոչումը հետեւեալն է՝ «միջերկրածովեան ընտանեկան տենդ» (mediterranian familial fever) կամ «պարբերական տենդ» (Periodic disease): Այս գրութեան մէջ շարունակ պիտի…