ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԷԿ ՄԱՍԸ ՃԱՆՃԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԱՅՍ ՊԱՏՈՒՀԱՍԻՆ ԴԷՄ Ամէն տարի, յառաջադէմ նկատուած բազմաթիւ երկիրներու մէջ, հսկայական գումարներ կը ծախսուին՝ դեղ ու դարմանի վրայ: Նոյնքան գումարներ կը տրամադրուին՝ աւելցնելու համար հիւանդութեանց դէմ ձեռք առնուելիք նախազգուշական միջոցները: Սակայն, ըլլայ հանրային սպասարկութիւնները, եւ ըլլան ընտանիքները առանձին, վճռական միջոցներ ձեռք չեն առներ, փճացնելու համար տունի սովորական ճանճերը, որոնք դարերու ընթացքին…