ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ. ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՎԻՐԱԲՈՅԺ

Զարմանալի բացայայտումով մը՝ Գերմանիոյ Վըրցպուրկ (Wrzburg) համալսարանի վարքագծային կենսոլորտագէտեր յայտնաբերած են, որ մրջիւնները վիրաբուժական միջամտութիւններ կը կատարեն իրենց բունակից վիրաւոր ընկերներուն վրայ` ցոյց տալով խնամքի մակարդակ մը, որ նախապէս կը նկատուէր բացառապէս մարդ արարածի մենաշնորհը: Թէեւ ծանօթ է, որ կենդանիները յաճախ կը խնամեն միմեանց վէրքերը, սիսթեմաթիք վիրահատութեան գաղափարը աննախընթաց է: Այս յայտնագործութիւնը կը կեդրոնանայ Ֆլորիտայի…

ԱՄՐԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ   Առողջութիւնը մեծապէս կախեալ է մեր ապրելակերպէն եւ մեր սպառած ուտելիքներէն ու խմելիքներէն: Ծիները շատ քիչ դեր կը խաղան, երբ ժառանգական լուրջ հիւանդութիւն մը չկայ ընտանեկան պատմութեան մէջ: Ուստի, մենք պէտք է սնուինք եւ ապրինք առողջ: Ինչ կը վերաբերի ապրելակերպին, ապա միշտ աւելի լաւ է քալել: Ամրան քրտինքը կրնայ նեղութիւն պատճառել, բայց…