ԱՒԵԼԻ ԱՌՈՂՋ, ԱՒԵԼԻ ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԿԵԱՆՔԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Կարինէ Մինասեան Թաշճեան Ինքնուսուցողական գրականութեան մէջ, Ճէյմզ Քլիրէյի «Հիւլէական սովորութիւններ» (Atomic Habits) գիրքը որոշիչ եւ մնայուն տեղ մը գրաւած է։ Այս գիրքը սովորութիւններու մասին գիրք մը չէ միայն. ան գիտական հիմքերու վրայ հիմնուած գործնական ուղեցոյց մըն է անձի վերափոխման մասին՝ սկսելով ոչ թէ մեծ ոստումներով, այլ ամենափոքր քայլերով։ Եթէ երբեւէ դժուարացած էք հաստատ մնալ որոշումներու…