ԼԵԱՐԴԻ, ԼԵՂՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԻԿԱՄԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ճիշդ սննդառութիւնը շատ մեծ դեր ունի եւ սնունդի միջոցով կարելի է դիւրացնել մաղձի արտադրութիւնը։ Սնունդը լեարդ կը հասնի արեան միջոցով՝ ներծծուելով բարակ եւ հաստ աղիքներէն։ Լեարդի կարեւոր գործունէութիւնը լեղիի արտադրումն է։ Լեղապարկի մէջ կուտակուած լեղին անհրաժեշտութեան պարագային կ’օգտագործուի աղիքներու աշխատանքը խթանելու եւ ճարպերու իւրացման համար։ Ինչպէ՞ս սնանիլ, երբ հանուած է լեղապարկը:…

ԼԵԱՐԴԸ ՄԱՔՐԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

  Լեարդը մարդկային մարմինի մեծագոյն օրկանն է եւ մասնաւորաբար անոր պատշաճ աշխատանքէն կախեալ է մարդուն առողջութիւնը: Լեարդին շնորհիւ մարդկային մարմինէն դուրս կը բերուին աւելորդ թոյները, որոնք ներթափանցած կ՚ըլլան սնունդին, օդին եւ մորթին միջոցով: Լեարդը մեր օգտագործած սննդարար տարրերը կը վերածէ ջերմուժի եւ մկանային զանգուածի, ինչպէս նաեւ՝ կ՚օգնէ վիթամիններու իւրացման ու կը կարգաւորէ ճարպերու կուտակումը: Գոյութիւն…