News & Events

Համուտի հայկական դիմագիծի վերակենդանացման ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, սփիւռքահայութեան այս բաբախուն «սիրտ»-ը երէկ անկիւնադարձային օր մը ապրեցաւ:

Արդարեւ, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտէն սկսեալ Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղամասերէն թէ մերձակայ շրջաններէն հայորդիներ հետզհետէ փութացին համախմբուիլ Պուրճ Համուտի առեւտրական «Արին» կեդրոնի թաղը, ուր միօրեայ փառատօնը իր այլազան ելոյթներով կը խանդավառէր մթնոլորտը:

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի կազմակերպած ազգային այս փառատօնը յաւելեալ թափ եւ խանդ ստացաւ, երբ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, դարձեալ երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, բացումը կատարուեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի մարզական կեդրոնին:

Ներկայութեամբ կուսակցական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ մարզասէր հայորդիներու, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան բացումը կատարելով կեդրոնին` ողջունեց ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնելով ԱՖՀԻԼ-ի պատմութիւնը: Արդարեւ, կարիքաւոր հայ ուսանողութեան բարձրագոյն կրթութեան նպաստելու առաջադրանքով, 2008-ին ԱՖՀԻԼ իր մարզական կեդրոնը կը հիմնէր, Ծաղկաձոր-Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակուային համալիրին մէջ: Աւելի քան վեց հարիւր երիտասարդներու անդամակցութիւնը նշեալ կեդրոնին ինքնին փաստ մըն էր, թէ ԱՖՀԻԼ յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ` ներգրաւելով բազմաթիւ երիտասարդներ եւ հաստատելով ժողովուրդին կողքին, ժողովուրդին հետ մնալու իր սկզբունքը:

Կրթանպաստի կողքին երիտասարդութիւնը յոռի բարքերէ հեռու պահելու ձգտումով քանի մը տարի առաջ սկսած ԱՖՀԻԼ-ի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի մարզական կեդրոն յաճախողներու թիւի աճը կը փաստէ նոր կառոյցի մը հրամայականը` մեր ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու համար», ընդգծեց Յակոբ Լատոյեան` դրուատելով ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնեաներուն եւ համակիրներուն ներդրումը: «Մեր պաշտօնեաները ճիգ չեն խնայեր յաջողցնելու մեր այս քայլը», շեշտեց Լատոյեան:

Աւելի քան երկու հարիւր քառակուսի մեթր տարածութեամբ «Արին» կեդրոնի 3-րդ յարկը` Պուրճ Համուտի սրտին բազմած, մարզական այս կեդրոնը կու գայ նոր խանդով ու ջերմութեամբ տոգորելու այս փորքիկ, բայց պատմական իր դերակատարութեամբ սփիւռքահայութեան բազկերակը նկատուող Պուրճ Համուտը: Ինչպէս Ծաղկաձորի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի իր կեդրոնին մէջ` նոյնպէս եւ հոս` Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի ԱՖՀԻԼ-ի նորահաստատ այս մարզական կեդրոնը շուտով պիտի յաջողի իր շուրջ համախմբել եւ ներգրաւել շրջանի թէ մերձակայ թաղամասերու նորահաս սերունդը: Անկասկած, բազմաթիւ ուսանողներ պիտի օգտուին ԱՖՀԻԼ-ի կրթանպաստի «բարիքներէն»: Ինչպէս ամէն տեղ` Պուրճ Համուտի մէջ եւս հետզհետէ բոյն դնող ախտավարակ յոռի բարքերէն ու երեւոյթներէն երիտասարդութիւնը հեռացնելու կոչուած ազգային ամրակուռ պատուար մը պիտի ըլլայ մարզական այս կեդրոնը:

Բոլորին առջեւ իր դռները պաշտօնապէս բացուած յայտարարող ԱՖՀԻԼ-ի մարզական այս կեդրոնը կ՛ընդգրկէ մարզական այլազան վարժութիւններ, ինչպէս

– Ճիմ
– Այրոպիքս
– Զումպա
– Փելաթիս
– Հիփհոք
– Ուուշու եւ այլն: