ԱՖՀԻԼ-ի Մարզական Նոր Կեդրոնի Բացում` Պուրճ Համուտի Մէջ

Համուտի հայկական դիմագիծի վերակենդանացման ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, սփիւռքահայութեան այս բաբախուն «սիրտ»-ը երէկ անկիւնադարձային օր մը ապրեցաւ: Արդարեւ, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտէն սկսեալ Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղամասերէն թէ մերձակայ շրջաններէն հայորդիներ հետզհետէ փութացին համախմբուիլ Պուրճ Համուտի առեւտրական «Արին» կեդրոնի թաղը, ուր միօրեայ փառատօնը իր այլազան ելոյթներով կը խանդավառէր մթնոլորտը: