News & Events

Երէկ` երեքշաբթի, 19 փետրուար 2013-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք, որ հրաւիրուած էին 300 հոգի` ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դպրոցներու տնօրէններ, ապահովագրական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, Իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքան լրիւ կազմով, բժիշկներ եւ գործատէրեր:

Խօսք առին Հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն, Իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Տաու, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան: Բոլորը իրենց խօսքերուն մէջ վեր առին ԱՖՀԻԼ-ի աշխատանքը` անցնող 15 տարիներուն:

Ձեռնարկին փակման խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ իր կարգին ընդգծեց ԱՖՀԻԼ-ի տարած աշխատանքը լիբանանահայ համայնքին մէջ:

Ապա յուշանուէրներ յանձնուեցան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի` իբրեւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադիրներէն եւ 10 տարիներու վարչութեան ատենապետ եւ Արաքսի Շահինեանին` իբրեւ 10 տարիներու համալսարանական ֆոնտի ատենապետ:

Աւարտին կատարուեցաւ կարկանդակի հատում: