Կալա – Ընթրիք` ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակին Առիթով

Երէկ` երեքշաբթի, 19 փետրուար 2013-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք, որ հրաւիրուած էին 300 հոգի` ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դպրոցներու տնօրէններ, ապահովագրական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, Իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքան լրիւ կազմով, բժիշկներ եւ գործատէրեր: