Հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, ներկայութեամբ յարանուանական, պետական, միութենական, Լիբանանի հիւանդանոցային, ապահովագրական սնտուկներու վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Բժիշկներու եւ լիբանանահայ բժիշկներու սենտիքաներու ներկայացուցիչներու, երէկ` երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին առիթով:
Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առաւ Սարօ Թոնդեան, որ ըսաւ, թէ ԱՖՀԻԼ-ի առաքելութիւնը կը շրջանցէ իրար օգնութեան սնտուկներու սահմանները: ԱՖՀԻԼ իր ծառայութիւնները մատուցելով եօթը հազար անդամներուն, կը շարունակէ իր սպասարկութիւնները հասարակութեան լայն խաւերուն` իր առողջապահական դարմանատունով, տնային հիւանդանոցներու սարքերով, մարզական կեդրոններով, համալսարանականներու ֆոնտով, «Զգուշ» նախազգուշական պարբերաթերթով, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտով, գործակցութեամբ Ճինիշեան եւ Գարակէօզեան հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ` կրթական, մշակութային եւ կրօնական հաստատութիւններուն: Ան իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ Լիբանանի բոլոր իրար օգնութեան սնտուկները քալեն ԱՖՀԻԼ-ի անցած ճամբով, որ վաճառականական շահեր չի հետապնդեր, այլ իր նիւթական հասոյթները կը տրամադրէ Լիբանանի հասարակութեան ծառայութեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան: Ան ըսաւ, որ տարեդարձները, ամեակները յարմար առիթներ են հաշուեյարդար ընելու մեր ըրածին եւ ընելիքին: Ըստ անոր, ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակը անցնող տարիներու իրարայաջորդ պատկան մարմիններու, վարչութիւններու, անդամներու եւ պաշտօնեաներու զօրակցութեամբ ու ճիգով ձեռք բերուած յաջողութիւն մըն է:
Յ. Լատոյեան շարունակեց. «Այսօր դժուար են մեր երկրի տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ համայնքային պայմանները, բայց այս դժուարութիւններուն դիմաց կրցած են ազգային կառոյց մը մէջտեղ բերել, որ ո՛չ միայն իր համայնքի զաւակներուն առողջապահական, ընկերային, կրթական եւ մարզական կարիքները կ՛ապահովէ եւ անոնց յարգանքը կը վայելէ, այլ նաեւ լիբանանցի շրջանակին համակրանքը ունի, փաստը` այսօրուան հիւանդանոցային, բժշկական, ապահովագրական եւ ծառայողական կառոյցներու պատկառելի ներկայութիւնը»:
Խօսքի աւարտին Յ. Լատոյեան ըսաւ, որ ԱՖՀԻԼ-ը միակ կառոյցն է սփիւռքի մակարդակով, որ իր աշխատանքով եւ արդիւնքով ինքնաբաւ ըլլալէ անդին օգտակար եւ զօրակից է իր շուրջ համախմբուած բոլոր մարմիններուն` կուսակցական, կրթական, մարզական, մշակութային, կրօնական եւ բարեսիրական: «Գործին հաւատացող եւ տալիք ունեցող կառոյց է ԱՖՀԻԼ-ը, եւ վստահ եմ, որ մենք ո՛չ միայն Լիբանանին, այլ նաեւ գալիք տարիներուն Հայաստանին եւ Արցախին օգտակար պիտի ըլլանք մեր բարոյական, նիւթական եւ գործնական կարելիութիւններով», հաստատեց ան:
Հաւաքոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի գործունէութիւններուն եւ սպասարկութիւններուն վերաբերող եւ անհատներու վկայութիւններ ներկայացնող տեսերիզ մը:
Խօսք առաւ հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն, որ ըսաւ, թէ ԱՖՀԻԼ-ը մասնագիտութեամբ կատարելով իր գործը, Լիբանանի ամէնէն յաջողակ իրար օգնութեան սնտուկներէն մէկն է:
Ան յայտնեց, որ Լիբանանի իրար օգնութեան սնտուկները նպաստեցին քաղաքացիներու բժշկութեան ծախսերու նուազեցման, տալով ապահովագրութիւններ նուազ մասնակցութեան տուրքերով: Իրար օգնութեան սնտուկները յաջողեցան շատ բաներ գործել անակնկալ բուժօգնութիւններու պարագային:
Հարունի համաձայն, ներկայիս կը խօսուի պետական բժշկական անդամաքարտի մասին, որ տակաւին չէ վաւերացուած պետութեան կողմէ: Ան իրար օգնութեան սնտուկներուն կոչ ուղղեց, որ նոր տեսիլք մը որդեգրեն իմանալու համար, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ գործադրելով պետական բժշկական անդամաքարտի դրութիւնը:
Խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքոյթին համար եւ մաղթեց ԱՖՀԻԼ-ին յարատեւ աշխատանք ու ծառայութիւն:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց իրար օգնութեան սնտուկներու սենտիքայի ատենապետ Ղասսան Տաու: Ան ըսաւ, որ անցնող 20 տարիներուն ԱՖՀԻԼ հազարաւոր մարդոց սպասարկութիւն կատարած է, անոնց նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնած է, անոնց տուած է վստահութիւն եւ ապահովութիւն: ԱՖՀԻԼ իրար օգնութեան սնտուկը եւ բոլոր իրար օգնութեան սնտուկները կեանքի դժուար պայմաններու ընթացքին օրհնութիւն եղած են լիբանանցի քաղաքացիներուն, յայտնեց ան` աւելցնելով, որ այսօր Լիբանանի մէջ 400 հազար քաղաքացի անդամակցած է իրար օգնութեան սնտուկներուն, որոնք կը վճարեն 240 միլիառ ոսկի, որ կը հաւաքուի անդամներու անդամակցութեան տուրքերէն:
Խօսքի աւարտին ան իր եւ իր ընկերներուն անունով շնորհաւորեց ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակը` մաղթելով նորանոր բարձունքներու նուաճում:
Ընթացքին ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Եումնան` Սարօ Թորիկեանի նուագակցութեամբ:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ այս հսկայ հաստատութիւնը հիմնուեցաւ ծառայութիւն մատուցելու մարդոց: «Մենք զաւակներն են հայ ազգին, մեծցանք ծառայելով ո՛չ միայն հայուն, այլ նաեւ բոլոր մարդոց ու ժողովուրդներուն` այս երկրին մէջ: Ան նշեց, որ պետութեան բացակայութեան համայնքները հիմնեցին հաստատութիւններ եւ միութիւններ` հասնելու համար մարդոց կարիքներուն: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն, որոնք եղած են, կան եւ ապագային պիտի շարունակեն աշխատիլ ու ծառայել մարդոց` այնպիսի ժամանակ մը, երբ մարդկային արժէքները կորսուած են: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց, որ` իբրեւ քաղաքացիներ, մեր ձեռքը դնենք միւս քաղաքացիին ձեռքին եւ քիչ մը ճիգով ընենք, որ մտածենք այս երկրին եւ հայրենիքին մասին:
Ան ըսաւ, որ ԱՖՀԻԼ առեւտրական հաստատութիւն մը չէ, ան ընկերային ծառայութիւն մատուցող կառոյց է, որ հայկական եւ լիբանանեան է միաժամանակ, իսկ անոր հիմնադիրները ասկէ 20 տարի առաջ մտածեցին, որ եթէ մենք մեզի օգնենք, մեր համայնքի զաւակներուն օգնենք, օգնած կ՛ըլլանք ամբողջ Լիբանանին: «Այսօր ԱՖՀԻԼ-ը կը պատկանի ամբողջ Լիբանանին: Ան յաջողեցաւ 20 տարի շարունակ օգնել մարդոց` բժշկութեան, դպրոցներու եւ մարզական կեդրոններու մէջ», նշեց Բագրատունի:
Խօսքի աւարտին երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրման եւ բարգաւաճման գործին մէջ ապահովելու համար այս հաստատութեան յարատեւութիւնը եւ զարգացումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ուղերձը` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին առիթով, ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աշխատակից Վլատիմիր Պօղոսեան:
Ուղերձին մէջ սփիւռքի նախարարը կ՛ըսէր. «Լիբանանահայ համայնքում իր տեսակին մէջ եզակի ԱՖՀԻԼ կառոյցը հայասիրութեան եւ մարդասիրութեան լաւագոյն օրինակներէն է: Երախտագիտութեամբ ցանկանում եմ նշել, որ ձեր ժամանակը, միջոցներն ու կարողութիւնները ներդրել էք հայութեան աջակցելու եւ զօրավիգ կանգնելու գործում: Ձեր անձնուէր ծառայութեան եւ հոգատարութեան շնորհիւ բազմաթիւ հայորդիներ լցուել են հաւատով եւ լաւասիրութեամբ` նորովի արժեւորելով կեանքն ու առաւել ամրապնդելով ազգային ինքնութիւնը»:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակի կարկանդակի հատում: