Պաշտօնական Հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, ներկայութեամբ յարանուանական, պետական, միութենական, Լիբանանի հիւանդանոցային, ապահովագրական սնտուկներու վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Բժիշկներու եւ լիբանանահայ բժիշկներու սենտիքաներու ներկայացուցիչներու, երէկ` երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին  մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին առիթով: Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առաւ Սարօ Թոնդեան, որ ըսաւ, թէ ԱՖՀԻԼ-ի առաքելութիւնը կը շրջանցէ իրար օգնութեան…