30 ԹԻՒ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ

Սիրելի ընթերցողներ, Ուրախ ենք ձեզի ներկայացնելու «Զգոյշ» բժշկական-առողջապահական պարբերաթերթին 30-րդ թիւը, կարեւոր առիթ մը՝ զոր մենք կը նշենք անսահման երախտագիտութեամբ եւ ինչու չէ՝ նաեւ հպարտութեամբ: Երբ կը մտածենք մինչեւ 30-րդ թիւը հասցնող տարիներու ճամբորդութեան մասին, դժուար է հաւատալ, թէ որքա՛ն ճամբայ կտրած ենք, եւ ի՛նչ ոգեւորութեամբ կը նայինք դէպի 60-րդ թիւ տանող ճամբուն: Երբ ձեռնամուխ…