Սիրելի ընթերցողներ,
Ուրախ ենք ձեզի ներկայացնելու «Զգոյշ» բժշկական-առողջապահական պարբերաթերթին 30-րդ թիւը, կարեւոր առիթ մը՝ զոր մենք կը նշենք անսահման երախտագիտութեամբ եւ ինչու չէ՝ նաեւ հպարտութեամբ: Երբ կը մտածենք մինչեւ 30-րդ թիւը հասցնող տարիներու ճամբորդութեան մասին, դժուար է հաւատալ, թէ որքա՛ն ճամբայ կտրած ենք, եւ ի՛նչ ոգեւորութեամբ կը նայինք դէպի 60-րդ թիւ տանող ճամբուն:
Երբ ձեռնամուխ եղանք այս պարբերականին 8 տարի առաջ, մեր տեսլականն էր ստեղծել բեմ մը, որ ոչ միայն կը տարածէ առողջապահական արժէքաւոր տեղեկութիւններ, այլեւ մեր համայնքին մէջ կը խթանէ լաւ ու առողջ մնալու գաղափարը: Այսօր, երբ կը հասնինք մեր 30-րդ համարին, ուրախութեամբ կը նշմարենք, թէ «Զգոյշ» ի՛նչպիսի ազդեցութիւն ձգած է հայ ընթերցողի բժշկական իրազեկութեան եւ առողջապահական կրթութեան վրայ՝ Լիբանանի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի:
Այս էջերով մենք անդրադարձած ենք տարբեր թեմաներու՝ նախազգուշական խնամքէն մինչեւ բժշկական վերջին նուաճումները: Տակաւին, կարեւոր տեղ յատկացուցած ենք մեր համայնքին ու հայրենիքին տոկունութիւնն ու անսասան ոգին դրսեւորող լուրերու եւ թղթակցութիւններու: Մեր նպատակը միշտ եղած է ընթերցողը հարստացնել գիտելիքներով, որոնք կը նպաստեն անոր բարօրութեան եւ կը սատարեն աւելի առողջ հաւաքականութեան մը ստեղծումին:
Այս առիթով, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք «Զգոյշ»ի աշխատակից բժիշկներուն, խմբագիրներուն եւ ընդհանրապէս մեր նուիրուած անձնակազմին, որոնք բոլորը անխոնջ աշխատած են լաւ ուսումնասիրուած բովանդակութիւն հաղորդելու ի խնդիր: Առողջութեան հանդէպ անոնց ունեցած նախանձախնդրութիւնը եւ համայնքին ու հայրենիքին հանդէպ անոնց ցուցաբերած նուիրուածութիւնը կը ցոլայ իւրաքանչիւր գրութեան միջոցով:
Սիրելի ընթերցողներ,
Ձեր վստահութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը եղած են մեր մղիչ ուժը: Շնորհակալութիւն, որ մեզի առիթ ընծայեցիք ընկերակցելու ձեր առողջապահական ճամբորդութեան: Մենք սիրով լսած ենք ձեր անդրադարձները, առաջարկները եւ պատմութիւնները, եւ անոնք ոգեշնչած են մեզ՝ ըլլալու աւելի բծախնդիր, եւ առ այդաւելի նախանձախնդիր՝ բարեփոխելու բովանդակութիւնը:
Նայելով ապագային` մենք ունինք հետաքրքրական ծրագիրներ` նոր բովանդակութեամբ հարստացնելու մեր պարբերականը, մասնաւորաբար՝ հարցազրոյցներով եւ մասնագիտական յաւելուածներով, իսկ լիբանանահայ համայնքը է՛ եւ պիտի շարունակէ՛ մնալ մեր հոգածութեան առարկան: Մենք կը վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը այն յոյսով, որ իւրաքանչիւր համար կը շարունակէ հանդիսանալ արժէքաւոր աղբիւր մը ձեր առողջութեան ու բարօրութեան:
Մեր 30-րդ համարին առիթով, որ նաեւ կը զուգադիպի նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն, բաժակները վերցնելով կը խմենք ձեր, լիբանանահայութեան ու մեր հայրենիքին կենացը՝ մաղթելով որ այս եւ մեր յառաջիկայ թիւերը կ’ըլլան վկայութիւն մը առողջապահութեան, գիտելիքներու փոխանցման, լիբանանահայ համայնքին ու հայրենիքին բարօրութեան նկատմամբ մեր ունեցած յանձնառութեան: