ՎԱՐՈՒՆԳ ԵՒ ԴԴՈՒՄ
Գարնան եւ ամրան եղանակներուն ամէնէն յարգի եւ տարածուած բանջարեղէններէն են նաեւ վարունգն ու դդումը: Այս երկու բանջարեղէններն ալ միեւնոյն ընտանիքին կը պատկանին: Վարունգին հայրենիքը Հնդկաստանը եւ Թաթարիստանը կը նկատուին: Ֆրանսական բառարաներուն մէջ վարունգը ծանօթ է Ս. Գէորգի պտուղ անունով: Մատրոն՝ յոյն բանաստեծը վարունգը կ’անուանէ «երկրի զաւակ», իսկ Հերակլէս բժիշկը՝ «երկրի վայելք»: Ռուսիոյ մէջ թարմ եւ…


