Գարնան եւ ամրան եղանակներուն ամէնէն յարգի եւ տարածուած բանջարեղէններէն են նաեւ վարունգն ու դդումը:
Այս երկու բանջարեղէններն ալ միեւնոյն ընտանիքին կը պատկանին:
Վարունգին հայրենիքը Հնդկաստանը եւ Թաթարիստանը կը նկատուին: Ֆրանսական բառարաներուն մէջ վարունգը ծանօթ է Ս. Գէորգի պտուղ անունով:
Մատրոն՝ յոյն բանաստեծը վարունգը կ’անուանէ «երկրի զաւակ», իսկ Հերակլէս բժիշկը՝ «երկրի վայելք»:
Ռուսիոյ մէջ թարմ եւ առողջ տեսք ունեցողը կը նմանցնեն փոքր վարունգի: Հռոմի Տիբերիու կայսրը այնքան կը սիրէր վարունգը, որ ամառ եւ ձմեռ, գիշեր եւ ցերեկ՝ սեղանէն պակաս չէր ըներ զայն:
Տարուան բոլոր ամիսներուն հաճելի է սեղանի վրայ ունենալ վարունգը, որուն համը, հոտը եւ կանաչ տեսքը ախորժաբեր եւ գրգռիչ են:
Վարունգը առաւելապէս ջուր կը պարունակէ եւ քիչ քանակութեամբ հանքային աղեր: Ան կարեւորութիւն կը ստանայ A, B, եւ C վիթամիններով:
Եւ որովհետեւ վարունգը կ’ուտենք իր բնական վիճակին մէջ, առանց եփելու, վիթամինները իրենց արժէքը չեն կորսնցներ, եւ մեր օրկանիզմը լիովին կ’օգտուի:
Վարունգի շատ տեսակներ կան, եւ ասոր համար սպառումն ալ շատ է: Ինչպէս որ ամէն բանին թարմը կը փնտռուի՝ վարունգին ալ թարմը յարգելի է. երբ շատ հասուննայ՝ համը, հոտը կը կորսնցնէ:
Վարունգը ամրան տաք օրերուն հաճելի եւ զովացուցիչ է, մանաւանդ անով պատրաստուած «ճաճիկ»-ը, եւ կամ «թերաթոր»-ը կարծես վարուգին սննդական արժէքը կ’աւելցնեն եւ մարսողութեան ալ կը նպաստեն:
Վարունգը ունի նաեւ իր արտաքին գործունէութիւնը: Կիները իրենց դէմքին աւելի փայլ եւ թարմութիւն տալու համար դէմքերնին վարունգով «մասաժ» կ’ընեն:
* * *
Դդումն ալ փնտռուած բանջարեղէններէն է, անոր հայրենիքը Միջին Ասիան եւ Հարաւային Ամերիկան կը նկատուին: Սննդային բաղադրութեան մէջ կը մտնեն վիթամիններ, հանքային աղեր, եւ առաւէլապէս՝ ֆոսֆոր եւ գալսիոմ:
Դդումով շատ տեսակ կերակուրներ կարելի է պատրաստել: Բրինձով եւ միսով լիցքը (տոլմա), ապուր, եւ մանաւանդ տապկուածին վրայ եթէ աւելցուի քացախ եւ մածուն՝ շատ ախորժաբեր կ’ըլլայ:
Թուրքիոյ մէջ դդումով պատրաստուած կերակուրներուն «ճեննէթ թաամը», այսինքն «դրախտի սնունդ» անունը կու տային: Անշուշտ, այս անունը տուեր են արդարացի կերպով, որովհետեւ չկայ ուրիշ բանջարեղէն մը, որ այնքան յարմար ըլլայ բոլոր հիւանդութիւններու ատեն գործածուելու:
Շաքարախտաւորները, առանց վախի, կրնան ուտել տապկուածին վրայ մածուն աւելցնելով:
Իբր բուժիչ կամ կանխարգելիչ յանձնարարելի է ստամոքսաղիքային, լեարդի եւ լեղուցքի բորբոքումներու եւ խանգարումներու ընթացքին: Մանաւանդ պէտք չէ մոռնալ սրտի եւ երիկամներու ախտաւորման պարագաներուն: Նոյնպէս արեան գերճնշումի եւ պնդերակութեան պարագաներուն:
Ուրեմն, այսքան առաւելութիւններ ունեցող վարունգը եւ դդումը պէտք է միշտ ընկերանան ձեր սեղաններուն: Կերէ՛ք անվախ, դդումը եւ վարունգը:

