ԻՆՉՊԷ՞Ս ՈՒՂԵՂԻ ԲՋԻՋՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ «ԱՊԱԳԱՆ ՏԵՍՆԵԼ» ՔՈՒՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

«Nature» պարբերաթերթին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ջղաբջիջները («neurons»), որոնք կ’աշխուժանան ուղեղի յիշողութեան կեդրոնին մէջ քունի ժամանակ, ոչ միայն կը վերաքաղեն անցեալը, այլեւ կրնան նայիլ ապագային եւ մարզուիլ գործունէութեան մը համար, որ դեռ չէ պատահած: Հետազօտողներուն համաձայն, «երազները, որոնք կը նախատեսեն ապագան պարզ զուգադիպութիւններ չեն, եւ ուղեղը իսկապէս կրնայ նախատեսել գալիք…

ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՄԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔՆԱՆԱԼԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԸԼԼԱԼ ՁԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ   – Հետազօտողները պարզած են, որ նոյնիսկ թեթեւ լոյսով քնանալը կրնայ ազդել մարդու առողջութեան վրայ: – Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ քնացած ժամանակ լոյսի ազդեցութիւնը կը սպառնայ տարեցներու գիրութեան, շաքարախտի եւ արեան գերճնշման մեծ վտանգով: Նոյն հետազօտողներու տարրալուծարանային նախնական հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ վնասակար այս ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր տարեց մարդոցմով: Շիքակոյի Հիւսիսարեւմտեան…

ԱՐԱԳ ՔՈՒՆԻ ԽԱԽՏՈՒՄԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գիտնականները պարզած են, որ «մելաթոնին»ի MT1 «ընդունիչ»-ը կարեւոր դեր կը խաղայ արագ քունի (REM-Rapid Eye Move-ment) կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս յայտնագործութիւնը կրնայ օգնել քունի խանգարումներու եւ անոնց հետ կապուած ջղային-հոգեկան հիւանդութիւններու բուժման, գրած է Journal of Neuroscience-ը։ Արագ քունի (REM-քուն) ժամանակ ուղեղին մէջ կը նուազի նորատրենալին «յառաջացնող» ջղաբջիջներու աշխուժութիւնը։ Անոնք կը գտնուին «երկնագոյն բիծ» կոչուող…

ՔՆԱՆԱԼԷ ԱՌԱՋ ԲՋԻՋԱՅՆԸ ՉՁԳԵԼ ՄԱՀՃԱԿԱԼԻՆ ԿՈՂՔԻՆ

20 հետազօտութիւններու քննարկումը կը թելադրէ քնանալէ առաջ բջիջայինը չթողել մահճակալին կողքին: Հետազօտութեան համաձայն, հարցուածներուն կէսէսն աւելին (48 տոկոս) գիշերը կը քնանայ հեռախօսը մահճակալին կողքին դրուած, կը գրէ Techlikethis: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ կան յստակ ապացոյցներ, որ քնանալէ առաջ էլեկտրոնային սարքերու օգտագործումը եւ անոնց հասանելիութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ քունի վատ որակի, ինչպէս նաեւ՝ ցերեկային ժամերու…

ԽՌԿՈՑԸ ԵՒ ՔՈՒՆԻ ԿԱՆԳԸ (SLEEP APNEA)

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Խռոցը կամ խռկոցը խռպոտ եւ կոշտ ձայն է, որ կը զարգանայ քունի ընթացքին, երբ ներշնչուած օդը կ՚անցնի շնչառական թուլցած հիւսուածքներուն ընդմէջէն, մանաւանդ թեթեւ քունէն խոր քունի անցնելու ժամանակ, երբ լեզուն ու քիմքի մկանները կը թուլնան, կ՚անշարժանան, կ՚արտադրուի հիւսուածքներու թրթռացում, հետեւաբար՝ խռկոցի բարձր ձայն: Բնական պայմաններու մէջ առողջ մարդ մը չի խռկար, սակայն տարբեր…

ՄՈՒԹԸ

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Ժամանակին՝ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, գիշերները իսկապէս մութ եղած են: Իսկ մութ կը նշանակէր խաւար: Հակառակ որ արեւը դեռ եւս կը շարունակէ մար մտնել ամէն իրիկուն, բայց եւ այնպէս, այսօրուան դրութեամբ, մութ գիշեր գոյութիւն չունի այլեւս, որովհետեւ ենթակայ ենք արհեստական լուսաւորման, եւ ասիկա կրնայ որոշ առողջական խնդիրներ յառաջացնել: Ելետրական լոյսի ներմուծումէն…