Երրորդ Տարին Ըլլալով` Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով երէկ` չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած կրթանպաստը: Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն, Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն: