Լուրեր

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ լիբանանահայ դպրոցներու տնօրէնութեանց ու հայ 100 համալսարանականներու, երէկ` երկուշաբթի, 17 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ աշակերտական ֆոնտի 2013-2014 տարեշրջանի նպաստներու բաշխումը:

Յակոբ Լատոյեան

Կարօ Ամիտի

Շահէ եպս. Փանոսեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան: Ան ըսաւ, որ այսօր ԱՖՀԻԼ 6,000 անդամ ունի, 3,000 աշակերտ եւ 10,000 ինքնաշարժ: Այս թիւերը յոյս կը ներշնչեն երկու իմաստով: Առաջինը այն է, որ հայ ժողովուրդը օրէ օր աւելի մեծ վստահութիւն ունի ԱՖՀԻԼ-ի նկատմամբ, իսկ երկրորդ` ինչքան թիւը շատնայ, այնքան օժանդակութիւնները կ՛աւելնան: Լատոյեան կոչ ուղղեց բոլոր կրթական, միութենական թէ բարեսիրական հաստատութիւններուն, որ իրենց ապահովագրութենէն գէթ բաժին մը վստահին ԱՖՀԻԼ-ի ֆոնտին բարգաւաճման ի խնդիր: «Այսօր մեր գաղութը բոլոր մակարդակներուն վրայ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Մենք բարեսիրական այլ կառոյցներու կողքին վարչութեան որոշումով միշտ ալ թիկունք պիտի կանգնինք մեր դպրոցներուն եւ ուսանողներուն», շեշտեց Լատոյեան:

Ապա խօսք առաւ «Միտիսթ» ընկերութեան ներկայացուցիչ Կարօ Ամիտի, որ հանգամանօրէն բացատրեց ճամբորդական ապահովագրութեան պայմաններն ու աշխատելաոճը, որմէ ետք օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ դրուատեց ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկի ծառայութիւնները եւ վեր առաւ հայ համալսարանականներուն կարեւորութիւնը մեր ազգային-միութենական կեանքին մէջ:

af4Ձեռնարկին աւարտին դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսանողներուն յանձնուեցան կրթանպաստները: ԱՖՀԻԼ-ի վարչութեան որոշումով այս տարի կրթանպաստի գումարը 50 հազար տոլար է: