Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քենայ թերակղզիին մէջ մահացած է «Ալասքափոքս» նոր ժահրէն վարակուած աշխարհի առաջին անձը։ Անհատին մահուան մասին տեղեկացուցած է Ալասքայի առողջապահութեան բաժանմունքը։
Նշուած է, որ ամերիկացիին դիմադրողականութիւնը տկարացած էր քաղցկեղի բուժման պատճառով։ Ան առանձին կ՛ապրէր անտառային գօտիի մէջ եւ շփում ունեցած էր անօթեւան կատուի մը հետ, որուն խօսքով, միշտ ճանկռտած է իրեն եւ զբաղած՝ փոքր կաթնասուններ որսալով։ Կենդանիին AKPV քննութեան արդիւնքը բացասական ելած էր։
AKPV ժահրը առաջին անգամ յայտնաբերուած է 2015 թուականին
«Ալասքափոքս» ժահրը նահանգին մէջ յայտնաբերուած է 2015ին, որուն ախտանշանները նման են ծաղիկ հիւանդութեան ախտանշաններուն։ «Ալասքայի ծաղիկով» վարակման պարագաները հաստատուած են միայն վեց մարդու մօտ Ալասքայի կեդրոնը, Ֆերպենքս քաղաքի շրջանին մէջ։ Բոլոր վարակումները տեղի ունեցած են կենդանիներու հետ շփումի հետեւանքով։
Համաճարակաբան, տոքթոր Ճուլիա Ռոճըրսի խօսքով՝ ժահրով առաջին կարգին կը վարակուին կենդանիները։ Ան կ՛ակնկալէ, որ AKPV վարակման պարագաները կ՛ըլլան հազուադէպ եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց մահուան դէպքերը այնքան ալ հաւանական չեն կրնար ըլլալ։ Մասնագէտը կը կարծէ, որ ժահրը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը փոխանցուի վարակուած կենդանիի հետ անմիջական շփումի միջոցով։ Ռոճըրս ընդգծած է, որ մարդէ մը ուրիշ մարդու փոխանցման փաստեր չկան։
Համաճարակաբանները չեն գիտեր մարդոց վարակուելու ուղիներու մասին
Տեղի իշխանութիւնները ստուգած են AKPV առկայութիւնը փոքր կաթնասուններու մօտ. ժահրը յայտնաբերուած է հիմնականին մէջ կարմիր դաշտամուկերու եւ սկիւռներու մօտ։ Վարակումի պարագաները շատ քիչ ըլլալով, համաճարակաբանները ճիշդ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կրնան մարդիկ վարակուիլ «Ալասքայի ծաղիկով»։
AKPV տեսակը, որ յայտնաբերուած է Քենայ թերակղզիի բնակիչին մօտ, կը տարբերի այն տեսակէն, որը յայտնաբերուած է Ալասքայի ներքին շրջաններու մարդոց եւ կենդանիներու մօտ։ Առողջապահութեան բաժանմունքի աշխատակիցները կը կարծեն, որ այդ կրնայ նշել, որ ժահրը լայնօրէն տարածուած է Ալասքայի մէջ, քան կը կարծէին աւելի կանուխ եւ կ՛աշխատին Ալասքայի համալսարանի թանգարանի եւ Հիւանդութիւններու վերահսկման ու կանխարգիլման կեդրոններու (CDC) հետ՝ փոքր կաթնասուններու մօտ AKPV-ի առկայութեան քննութեան ուղղութեամբ, նահանգի կեդրոնական շրջաններու սահմաններէն դուրս։
Վարակաբան տոքթոր Պեն Ուեսթլին նխազգուշացուցած է, որ «Ալասկափոքս»ի ախտանշաններ կրնան ըլլալ ուռած «լիմֆ նոտ»երը եւ մարմնին վրայ ի յայտ եկած բիծերը: