Երկիրը արագօրէն կը տաքնայ. ի՛նչ կը պատահի ձեր մարմնին ծայրայեղ տաք պայմաններուն մէջ
Մարդկային գործունէութեամբ պայմանաւորուած կլիմայական փոփոխութիւնը արդէն իսկ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տաքութեան ալիքները դարձուցած է աւելի յաճախակի եւ սաստիկ։ Եղանակային երեւոյթներուն վրայ երկրագունդի տաքացման ազդեցութիւնը ուսումնասիրող գիտնականները կ’ըսեն, թէ մեր օրերուն արձանագրուող իւրաքանչիւր տաքութեան ալիք իր վրայ կը կրէ կլիմայական ճգնաժամին հետքերը։ Կլիմայական փոփոխութիւնը, որուն հիմնական պատճառը մարդոց կողմէ հանածոյ վառելանիւթերու այրումն է, ընդհանրապէս կը…










