Ինչպէ՞ս կրնայ Քիթօ սննդականոնը պաշտպանել ժահրային վարակներէն

Հելսինքիի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են անսպասելի կապ «կրիփ»-ի ժահրի հանդէպ օրկանիզմի դիմադրողականութեան եւ սահմանափակ ածխաջուրով եւ բարձր ճարպային պարունակութեամբ սննդականոնի միջեւ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Scandinavian Journal of Public Health (SJPH) ամսագրին մէջ։ «Քիթոճենային» սննդականոնը, որ առաջնահերթութիւնը կու տայ ճարպերու գերակշռութեան, արդէն աւելի քան 100 տարիէ կ՛օգտագործուի ջղային դրութեան հետ կապուած հիւանդութիւններու բուժման համար։ Սպիտակուցներու,…

Մասնագէտներ կը քննարկեն ձմեռնային ժահրերէն պաշտպանուելու ձեւերը

Եւրոպական երկիրներու մէջ աշխուժօրէն սկսած են տարածուիլ ձմեռնային ժահրերը։ Առողջապահութեան համակարգերը, ինչպէս կ՛ըսեն բժշկական հաստատութիւններու մէջ, կը հանդիպին հիւանդութիւններու «եռակի սպառնալիքին», տեղեկացուցած է Euronews-ը։ «Ձմեռնային ժահրերու ազդեցութիւնը առողջութեան, ընկերային ոլորտին եւ տնտեսութեան վրայ հսկայական է», – Euronews Health-ին յայտնած է Ժընեւի համալսարանի Համաշխարհային առողջապահութեան հիմնարկի տնօրէն Անթուան ​​Ֆլահոլդը: «Այս վարակներու լուրջ ձեւերը, նոյնիսկ հազուադէպ վարակները, հաշուի…

Պաշտպանեցէ՛ք ձեր սիրտը. ալքոլ օգտագործելէն ետք ջուր խմեցէք

Ամանորեայ տօներու ժամանակ ալքոլի չարաշահումը կրնայ յանգեցնել սրտամկանի ռիթմի խանգարումներու, որոնք յայտնի են որպէս «տօնական սրտի համախտանիշ»։ Ատկէ խուսափելու համար կը յանձնարարուի սահմանափակել ալքոլը եւ օգտագործումէն ոտք ջուր խմել։ Այս մասին The Conversation-ին յայտնած են Աւստրալիոյ Ուոլոնկոնկի համալսարանի գիտնականները։ Մասնագէտները նշած են, որ տօնական հաւաքոյթներու ժամանակ շատ մարդիկ կրնան արագ կամ անկանոն սրտի զարկ, կրծքավանդակի…

Դաժան մալարիա՝ ճանչցուած որպէս անյայտ հիւանդութիւն կը սպաննէ տասնեակ մարդիկ

Անյայտ հիւանդութիւնը, որ տարածուած է Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ եւ յանգեցուցած է տասնեակ մարդոց մահուան, մալարիայի ծանր ձեւն է, տեղեկացուցած է The Guardian-ը՝ յղում կատարելով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան։ «Գաղտնիքը վերջապէս բացայայտուած է։ Այդ մալարիայի ծանր ձեւ է․ տարածուած հիւանդութիւն»- յայտնած է նախարարութիւնը։ Անոնք նաեւ աւելցուցած են, որ թերսնուցումը Քուանկօ հարաւարեւմտեան նահանգի բնակչութեան, ուր տարածուած է հիւանդութիւնը,…

Հինգ վայրկեան ծայրայեղ ցուրտի օգուտները առողջութեան համար

Քունը բնական մարմնական գործընթաց մըն է, որ անհրաժեշտ է կազդուրման եւ մարմնի պատշաճ գործունէութեան համար: Այնուամենայնիւ, «սթրես»ը եւ այլ գործօններ երբեմն կրնան խանգարել անոր որակը: Տարուէ տարի գիտնականները մեթոտներ կը փնտռեն օգնելու, որ աւելի արագ քնանանք եւ բարելաւենք մեր քունի որակը: Նոր ուսումնասիրութեան՝ Gizmodo-ի համաձայն, գիտնականները կրնան նորարարական մօտեցում յայտնաբերել։ Գանատայէն եւ Ֆրանսայէն հետազօտողներու միջազգային…

Ձուարաններու տարածուած քաղցկեղի համակցուած նոր դարմանում

Էլէն եւ Ռոնալտ Քափլան քաղցկեղի կեդրոնի մոլեքիւլային եւ բջիջային ուռուցքներու ծրագրի օգնական փրոֆեսոր, Ուիսթար հիմնարկի գիտնական, տոքթ. Նէն Ճանկ եւ գործընկերները ձուարաններու քաղցկեղի բուժման նոր մօտեցում բացայայտած են, որ նախաքլինիքական տարրալուծարանական քննութիւններու միջոցով ի յայտ բերած է, որ կը փոքրացնէ ուռուցքները, միաժամանակ ուռուցքները քիմոթերափիի հանդէպ աւելի դիւրազգաց դարձնելով: Անոնց բացայայտումները հրապարակուած են Journal of Experimental…

Ամորձիգներու քաղցկեղ. հասկնալ վտանգները, ախտանշանները, բուժումը եւ յաջորդ քայլերը

Ամորձիգներու քաղցկեղը ամենէն տարածուած պինդ ուռուցքն է, որ կ՛ախտահարէ 15էն 35 տարեկան տղամարդիկ։ Կարեւոր է գիտնալ, որ այս քաղցկեղը կ՛ազդէ ծնունդով արական սեռով պայմանաւորուած մարդոց 1-2 առ հարիւրին վրայ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Միացեալ Նահանգներու մէջ գնահատուած է, որ ամորձիգներու քաղցկեղի աւելի քան 9,000 նոր պարագայ կ՛արձանագրուի իւրաքանչիւր տարի։ Ի՞նչ է ամորձիգներու քաղցկեղը Ամորձիգներու քաղցկեղը կը…

ԱՀԿ-ն կը հաստատէ էմփոքս-ի երկրորդ պատուաստը զարգացող դէպքերու պայմաններուն տակ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հաւանութիւն տուած է ճափոնական դեղագործական KM Biologics ընկերութեան՝ կապկածաղիկի դէմ պատուաստի շտապ օգտագործման, որ գործակալութեան համաձայնութիւնը ստացած երկրորդ պատուաստն է, հաղորդած է Ֆրանսփրես գործակալութիւնը: Կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ թոյլատրած է LC16m8 պատուաստը ընդգրկել արտակարգ իրավիճակներու օգտագործման ցանկին (EUL) մէջ՝ «խթանելու պատուաստներու ժամանակին հասանելիութիւնը դէպի այն համայնքները, ուր կապկածաղկի բռնկումները յաճախակի դարձած են»:…

«Էքրան»ներու առջեւ փոքրիկներու անցուցած ժամանակը սահմանափակելու անհրաժեշտութիւն

Մասնագէտներ կը վստահեցնեն, որ առողջ մեծնալու գրաւականն է քիչ նստիլը եւ շատ շարժիլը, մինչդեռ վերջին շրջանին ճիշդ հակառակը կը նկատուի․ փոքրիկները օրուան մեծ մասը «էքրան»ներու դիմաց են, ինչ որ ուղիղ հարուած է անոնց առողջութեան՝ ընդհուպ հոգեկան: Անոնք կը յայտնեն, թէ փոքրիկներու՝ «էքրան»ներու առջեւ ժամանակ անցընելու վտանգները բազմաթիւ են եւ ատոնց շարքին են՝  հոգեկան առողջութեան խնդիրները,…

Ո՞ր տարիքին փոքրիկներու համար անվտանգ է մեղր ուտելը

Մեղրը կը նկատուի առողջարար ուտելիք, սակայն անիկա պէտք է մեծ զգուշութեամբ ներառել փոքրիկներու սննդականոնին մէջ։ Այս մասին զրոյցի ընթացքին ըսած է մանկաբոյժ, «կասթրոէնթերոլոճիսթ» Եվկենիա Սուխաչովսկայա։ Բժիշկին խօսքով՝ մեղրը զօրաւոր «էլըրճըն» է, հետեւաբար փոքրիկին առաջին անգամ այս ուտելիքը տալու ժամանակ պէտք է հաշուի առնել սննդամթերքի այլ տեսակներու նկատմամբ «ալերժիք» արձագանգներու առկայութիւնը։ Եթէ նախապէս «ալերժիք» արձագանգներ նկատուած…