SerpinB3-ը`քաղցկեղի ցուցանիշէն դէպի վէրքերու ապաքինման առանցքային սպիտակուց

Արեան մէջ SerpinB3 սպիտակուցի բարձր մակարդակները աւանդաբար լուրջ հիւանդութիւններու ցուցանիշ նկատուած են, ներառեալ քաղցկեղի դժուար բուժելի տեսակները եւ ծանր բորբոքային վիճակները։ SerpinB3-ը կարեւոր սպիտակուց է, որ ցոյց կու տայ, թէ ե՛րբ օրկանիզմի պաշտպանական հիւսուածքները՝ մորթը, թոքերը եւ այլ պաշտպանական շերտերը, կը գտնուին ծանր լարուածութեան տակ։ Սակայն, Արիզոնայի պետական համալսարանի գիտնականներուն նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է,…

Երեք շաբաթ տեւող հազը կրնայ թոքերու քաղցկեղի նշան ըլլալ

Երեք շաբաթ շարունակուող հազը կրնայ թոքերու քաղցկեղի ախտանիշ ըլլալ, յայտնած են Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային առողջապահական ծառայութեան (NHS) մասնագէտները, հաղորդած է Daily Mirror-ը։ Ինչպէս կը բացատրէ պարբերականը, բազմաթիւ դէպքերու պարագային հազը կապուած կ՛ըլլայ աւելի սովորական պատճառներու հետ՝ ցրտահարութիւն, «կրիփ» կամ COVID-19։ Այնուամենայնիւ, երբեմն անիկա կրնայ վկայել ուռուցքային (oncological) գործընթացի զարգացման մասին։ Ազգային Առողջապահական Ծառայութեան տուեալներով՝ այն…

Circ-CDR1as մոլեքիւլը կը խթանէ սրտի բջիջներու վերականգնումը սրտի կաթուածէն ետք

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թեմփլի համալսարանի բժշկական դպրոցի գիտնականները պարզած են նախապէս անյայտ «մեքանիզմ» մը, որ կ՛օգնէ սրտի վերականգնումին՝ սրտի կաթուածէն ետք։ Circulation Research (CR) բժշկական ամսագրին մէջ հրապարակուած զեկոյցին համաձայն՝ Circ-CDR1as անունով յատուկ «մոլեքիւլ» մը առանցքային դեր ունի այդ գործընթացին մէջ։ Շրջանաձեւ RNA-ը կարելի է բնութագրել որպէս «մոլեքիւլ», որուն ծայրերը միացած են` կազմելով օղակ: Վերջին…

Մեթասթազները կրնան հիմնական պատճառը չըլլալ քաղցկեղի մահացութեան

Թեքսասի համալսարանի Հարաւարեւմտեան Բժշկական Կեդրոնի գիտնականները յայտնաբերած են, որ քաղցկեղէն մահը կրնայ յառաջանալ ոչ թէ «մեթասթազ»-էն, այլ՝ ուռուցքներու արեան մեծ անօթներու մէջ ներխուժումէն։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրատարակուած են Nature Medicine ամսագրին մէջ։ Հեղինակները վերլուծած են Տալասի քլինիքներուն մէջ մահացած կարծր (solid) ուռուցքային գոյացութիւններով աւելի քան 100 հիւանդներու առողջական տուեալները: Անոնք նաեւ հետեւած են «հոսփիսային» խնամքի (բժշկական…

Այս աշնան բարելաւեցէ՛ք ձեր դիմադրողական համակարգը քիչ ճարպ պարունակող միսով եւ մածունով

Այս աշնան ձեր դիմադրողական համակարգը բարելաւելու եւ զօրացնելու համար ձեր սննդականոնին մէջ պէտք է ներառէք կարմիր միս, իւղոտ ձուկ, բուսական ծագումով սնունդ եւ մակարդուած մթերք, ըսած է Սասեքսի համալսարանի դիմադրողական համակարգի մասնագէտ Ճեննա Մաքքիոչին, Daily Mail-ին համաձայն։ Մասնագէտին համաձայն՝ մակարդուած սնունդները, ինչպէս՝ բնական մածունը եւ «քեֆիր»-ը, պէտք է կարեւոր տեղ գրաւեն առաւօտեան սննդականոնին մէջ։ Անոնք…

Հետազօտութիւնը կը բացայայտէ՝ որովայնին եւ լեարդին մէջ կուտակուած ճարպը կրնայ վնասել զարկերակներուն

ՄաքՄասթեր համալսարանի գիտնականներու կատարած նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ որովայնին եւ լեարդին մէջ կուտակուած ճարպը կրնայ աննկատ վնասել զարկերակները՝ նոյնիսկ այն անձերուն պարագային, որոնք արտաքնապէս առողջ կը թուին ըլլալ։ Հետազօտութեան արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են Communications Medicine ամսագրին մէջ, կասկածի տակ կը դնեն երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցող այն կարծիքը, թէ մարմնի զանգուածի ցուցանիշը (BMI) ճարպակալման…

Լսողութեան հիմնական սպիտակուցի յայտնաբերումը նոր յոյս կը ներշնչէ խլութեան բուժման համար

Գերմանիոյ Կիոթինկընի համալսարանի հետազօտողները բացայայտած են «օթոֆերլին» կոչուող սպիտակուցի կառուցուածքը եւ գործառոյթը, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ լսելու գործընթացին մէջ։ «Օթոֆերլին»-ի կորուստը կամ անոր գործառոյթի խանգարումը կը յանգեցնէ բնածին խլութեան տարածուած ձեւերէն մէկուն։ Աշխատանքին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են Science Advances գիտական ամսագրին մէջ, կը ներկայացնեն կարեւոր հանգրուան աւելի քան երկու տասնամեակ շարունակուած Կիոթինկընի համալսարանի «օթոֆերլին»…

Նոր բազմակի սքլերոզի (MS) փորձարկումի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ դեղերը կրնան վերականգնել վնասը

Բազմակի սքլերոզ-ը (Multiple sclerosis, MS) կրնայ գտնուիլ «բուժման նոր ուղիի սկիզբը», որովհետեւ նախնական փորձարկումներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ երկու դեղեր կրնան վերականգնել հիւանդութեան պատճառով յառաջացած վնասը։ Քեմպրիճի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը քննած է, թէ արդեօ՞ք շաքարախտի եւ «հակահիսթամինային» դեղերը կրնան օգնել վերականգնելու «միելին»-ը՝ այն նիւթը, որ նեարդներու շուրջի պաշտպանիչ շերտն է, եւ, որ…

Գիտնականները նորածիններու մօտ կը յայտնաբերեն նախապէս չբացայայտուած շաքարախտ

Էքզեթերի համալսարանի բժշկական դպրոցի եւ Պրիւքսելի Ազատ համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են նախապէս չճանչցուած շաքարախտ նորածիններու մօտ։ Հիւանդութիւնը կապուած է TMEM167A ծինի փոխակերպումի հետ, որ կը կարգաւորէ «ինսուլին» արտադրող բջիջներու գործունէութիւնը։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Journal of Clinical Investigation (JCI) ամսագրին մէջ։ Վեց ամսականէն վար փոքրիկներու մօտ յառաջացող շաքարախտը հիմնականին մէջ ժառանգական է։ Նման պարագաներու աւելի քան…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն անսպասելի կապ մը, որ ուղեղային ուռուցքները կը վնասեն գանկոսկրը

Ալպերթ Այնըշթայնի բժշկական քոլէճի գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով յայտնաբերած են, որ «կլիոպլասթոմա»-ն՝ ուղեղի ամենէն չարորակ եւ մահացու տեսակի քաղցկեղը, կ՛ազդէ ոչ միայն ուղեղին վրայ, այլեւ՝ գանկին վրայ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Neuroscience (NatNeurosci) ամսագրին մէջ։ Նախապէս կը կարծուէր, որ ուռուցքը կ՛ազդէ միայն ուղեղին վրայ։ Չնայած «նուաճողական» բուժումներուն՝ վիրահատութիւն, քիմիական եւ ճառագայթային բուժումներ, «կլիոպլասթոմա»-ով հիւանդներու…