Health News

Արեան մէջ SerpinB3 սպիտակուցի բարձր մակարդակները աւանդաբար լուրջ հիւանդութիւններու ցուցանիշ նկատուած են, ներառեալ քաղցկեղի դժուար բուժելի տեսակները եւ ծանր բորբոքային վիճակները։ SerpinB3-ը կարեւոր սպիտակուց է, որ ցոյց կու տայ, թէ ե՛րբ օրկանիզմի պաշտպանական հիւսուածքները՝ մորթը, թոքերը եւ այլ պաշտպանական շերտերը, կը գտնուին ծանր լարուածութեան տակ։ Սակայն, Արիզոնայի պետական համալսարանի գիտնականներուն նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ SerpinB3-ը նաեւ ունի բնական գործառոյթ՝ անիկա կ՛օգնէ վերքերու ապաքինման։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PNAS գիտական ամսագրին մէջ։

Վնասուած մորթի ապաքինումը կը շարունակէ մնալ կարեւոր բժշկական խնդիր։ Ամէն տարի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը յառաջանայ մօտաւորապէս վեց միլիոն վէրք, որոնցմէ շատերը դժուար բուժելի են եւ կապուած են շաքարախտի, այրուածքներու, վարակներու կամ տարիքային փոփոխութիւններու հետ։ Նման քրոնիկ կամ դժուար ապաքինուող վէրքերը առողջապահական համակարգին վրայ տարեկան կ՛արժեն մօտաւորապէս 20 միլիառ տոլար։

Նորարարութեան եւ կենսանիւթերու փոխանցման կեդրոնի գիտնականները յայտնաբերած են, որ SerpinB3 սպիտակուցը աշխոյժ կերպով դեր ունի վնասուածքէն ետք մորթի բնական վերականգնման գործընթացին մէջ: Այս սպիտակուցը կը խթանէ «քերաթինոսիթ»-ները՝ (keratinocytes) մորթի բջիջներ, որոնք կը տեղափոխուին դէպի վնասուած հատուածներ՝ բարձրացնելով անոնց շարժունակութիւնը եւ արագացնելով վէրքերու փակման գործընթացը:

Տարրալուծարանային փորձարկումներու ժամանակ SerpinB3-ի յաւելումը նոյն արդիւնաւէտութեամբ խթանած է ապաքինումը, ինչպէս յայտնի «էփիթելի» աճի գործօնը: Սպիտակուցը նաեւ նպաստած է նոր հիւսուածքի ձեւաւորման եւ «քոլաժեն» մանրաթելերու ճիշդ դասաւորումին՝ վերականգնելով մորթի ամրութիւնը եւ ամբողջականութիւնը:

SerpinB3 սպիտակուցը նախապէս յայտնի էր որպէս թոքերու, լեարդի եւ մորթի քաղցկեղի չարորակ ձեւերու ցուցանիշ։ Սակայն, այժմ բացայայտուած է, որ այս սպիտակուցը նաեւ օրկանիզմի բնական մեքանիզմին մէկ մասն է, որ մասնակից է «էփիթելային» վնասուածքներու ապաքինման՝ գործընթաց մը, որ քաղցկեղային բջիջները սորված են օգտագործել իրենց ընդլայնման համար։

Հետազօտութիւնը կը բանայ նոր հնարաւորութիւններ. SerpinB3-ի աշխուժացման խթանումը կրնայ օգնել բուժելու քրոնիկ եւ դժուար ապաքինուող վէրքերը, ինչպէս նաեւ կանխելու անոնց կրկնութիւնը։

Հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ օրկանիզմի բնական վերականգնման համակարգերու ըմբռնումը կրնայ օգնել վէրքերու բուժման նոր մեթոտներու մշակման եւ միաժամանակ ընդլայնելու մեր գիտելիքները սպիտակուցներու դերի մասին՝ քաղցկեղի եւ բորբոքային հիւանդութիւններու պարագային։