Քոլերայի Տարածման Հաւանականութիւնը՝ Շատ Բարձր
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ աշխարհի մէջ քոլերայի տարածման շատ մեծ հաւանականութիւն կայ։ Կազմակերպութեան տուեալներով՝ տարեսկիզբէն քոլերայի բռնկումներ արձանագրուած են 25 երկիրներու մէջ, ինչ որ 9 երկիրով աւելի է, քան 2022ի նոյն ժամանակամիջոցին։ Ժամանակի առումով, վերջին ծանուցումը այս հիւանդութեան յայտնաբերման մասին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ստացած է Մայիսին Հնդկաստանէն։ Անցեալ տարուան նոյն ժամանակամիջոցին քոլերայի դէպքեր…