Վարունգը Անհրաժեշտ՝ Սննդաբաժնին Մէջ

Վարունգի օգտագործումը կը նպաստէ առողջութեան բարելաւման, կը յայտնէ բժշկագիտութեան տոքթոր Ճոնա Պուրտէոս. ասոր մասին գրուած է «Eat this, Not that!» պարբերականին մէջ։ Առողջական ո՞ր խնդիրները լուծելու համար օգտակար է վարունգը։ Վարունգը կը պահպանէ ոսկորներու առողջութիւնը Վարունգը յատկապէս օգտակար է հասուն կիներու եւ տարեց մարդոց, որոնք կ՛ունենան ոսկրային հիւսուածքներու մաշում, «օսթէոփորոզ»ի եւ ոսկորներու փխրունութեան խնդիրներ, որոնց…

Եղունգներու Ժել-փոլիշը Կրնայ Ալերժիք Ախտանշաններ Յառաջացնել

Մաշկաբանները կը զգուշացնեն ժել-փոլիշի գործածման վտանգի մասին․ բացայայտուած է, որ այդ ոչ միայն եղունգները պատելու գեղեցիկ ու յարմար տարբերակ է, այլ եթէ անիկա «ալերժի» յառաջացնէ, հետեւանքները շատ տհաճ կրնան ըլլալ եւ կը վերաբերին ոչ միայն ձեռքերուն։ Այս մասին հաղորդած է BBC-ի Ռուսական ծառայութիւնը եւ Mirror պարբերականը։ Մասնագէտները սկսած են նկատել մարդոց թուաքանակի աճ, որոնց մօտ…

Եռօրեայ Հանգստեան Օրերը Անհրաժեշտ են Մեր Բոլորին Համար

Ազատ ժամանակը օգտակար է մեր առողջութեան համար, յայտնած է ScienceDailyն՝ յղում կատարելով Հարաւային Աւստրալիոյ համալսարանի առողջապահական հետազօտողներուն: Քառօրեայ աշխատանքային շաբաթը փորձարկուած է աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, եւ այս փորձին արդիւնքները շատ հետաքրքրական են: Հետազօտողները բացայայտած են, որ մարդիկ արձակուրդի ընթացքին աւելի առողջ ապրելաձեւ կը վարեն, նոյնիսկ եթէ միայն երեք օր է: Հետազօտութեան արդիւնքները Ուսումնասիրութեան 13-ամսեայ…

Յետդաշտանադադարի Մէջ Գտնուող Կիներու Ճարպակալման Պատճառը

Յետդաշտանադադարի մէջ գտնուող կիներ աւելորդ կշիռք կ՛ունենան «էսթրոճեն»ի մակարդակի նուազումին պատճառով: Նման եզրակացութեան յանգած են Պեյքըրի սրտի եւ շաքարախտի հիմնարկի գիտնականները։ Հետազօտողներու յօդուածը հրապարակուած է Nature Cardiovascular Research ամսագրին մէջ։ Յայտնի է, որ «էսթրոճեն»ը կ՛օգնէ պաշտպանելու կիներու սրտանօթային համակարգը, սակայն դաշտանադադարէն ետք, երբ օրկանիզմին մէջ հորմոնի մակարդակը կը նուազի, անոնք շարք մը հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգին…

Գիտնականները Կը Հերքեն Ուշ Ընթրիքի Վնասի Մասին Առասպելը

Գիտնականները հերքած են այն առասպելը, որ ուշ ընթրիքը վնասակար է առողջութեան։ Լոնտոնի Թագաւորական քոլէճի գիտնականներու նոր հետազօտութեան մասին տեղեկացուցած է DailyMailը։ Կարծիք կայ, որ ուշ ժամուն ուտելը բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ. օրինակ՝ կշիռքը կ՛աւելնայ, կը յառաջանայ անքնութիւն, ծերութիւնը արագ կը սկսի եւ տեղի կ՛ունենան այլ բարդութիւններ։ Բայց բացայայտուած է, որ այնքան ալ ճիշդ չէ։ «Կարելի է…

Ընկերային Ցանցերը՝ Սննդային Վարքագիծի Խանգարման Պատճառ

Ընկերային ցանցերու օգտագործման եւ սննդային վարքագիծի խանգարման (ՍՎԽ) միջեւ կապ մը յայտնաբերած են Լոնտոնի համալսարանական քոլէճի Կլոպըլ առողջութեան հիմնարկի հետազօտողները: Արդիւնքները հրապարակուած են PLOS Global Public Health ամսագրին մէջ: Անոնք հաւաքած եւ վերլուծած են 17 երկիրներու մէջ 10-24 տարեկան մասնակիցներու հետ կատարուած 50 հետազօտութիւններու տուեալները: Բոլոր ուսումնասիրութիւնները դիտարկած են ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը ֆիզիքական եւ հոգեկան…

Քոմայի Մէջ Գտնուող Կիներ Կրնան Փոխնակ Մայրեր Ըլլալ

Ուղեղի մահուան ախտորոշումով կիներ կրնան մանուկ ունենալ: Անոնց առաջարկուած է որպէս փոխնակ մայրեր օգտագործել, յայտնած են Օսլոյի համալսարանի գիտնականները: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Journal of Theoretical Medicine and Bioethics ամսագրին մէջ։ Գաղափարը առաջին անգամ ծագած է 2000 թուականին՝ իսրայելացի հետազօտող Ռոզալի Պերի մօտ: Ան նշած է, որ թէեւ ամբողջ մարմնի «տոնոր»ութեան հայեցակարգը կրնայ հոգեբանական անյարմարութիւն յառաջացնել,…

Լեարդի Ճարպակալումով Քալուածքը Կրնայ Փոխուիլ

Մարդիկ, որոնց մօտ լեարդի ոչ ալքոլային ճարպային հիւանդութիւն կը զարգանայ, կրնան սկսիլ այլ ձեւով քալել: Ոչ ալքոլային ծագում ունեցող լեարդի ճարպային հիւանդութիւնը շատ պարագաներու պայմանաւորուած է ապառողջ ապրելակերպով, չափէն աւելի ուտելով եւ քիչ շարժելով: Այս հիւանդութեան պարագային լեարդին մէջ կը բարձրանայ ճարպի «քոնսենթրէյշըն»ը, ինչ որ բաւական վտանգաւոր է։ Միեւնոյն ժամանակ այս «փէթոլոճիքըլ» գործընթացի ախտանշանները կրնան…

Հացի Բորբոսը Կրնայ Մահացու Ըլլալ

Բորբոսով ուտելիքները, մասնաւորաբար հացը, վտանգաւոր են փոքրիկներու, յղիներու եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց համար։ The Sun-ը կը յայտնէ, որ սննադամթերքի անվտանգութեան ծառայութեան մասնագէտները զգուշացուցած են բորբոսած ուտելիքներու մահացու վտանգին մասին։ Անոնք յանձնարարած են թափել ամբողջ հացը, եւ ոչ թէ կտրել բորբոսած հատուածները։ Ի տարբերութիւն մանրէներու՝ բորբոսասունկերը կազմուած են անզէն աչքով տեսանելի բջիջներէ՝ «սփոր»ներէ, որ անոնց…

Լուրջ Վերաբերում Պէտք Է Քաղցկեղի Չորս Ախտանշաններու Հետ

Քաղցկեղը վտանգաւոր հիւանդութիւն է, որ կը յառաջացնէ չարորակ բջիջներու անվերահսկելի բաժանում։ Քաղցկեղը կրնայ ախտահարել մարմնի գրեթէ որեւէ մաս, եւ ախտանիշները կ՛արտայայտուին տարբեր ձեւերով։ Ախտանշաններու կանուխ յայտնաբերումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ուռուցքը, որպէս կանոն, յաջողութեամբ կը բուժուի կանուխ փուլերուն մէջ: Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCSF) տուեալներուն համաձայն՝ կան քաղցկեղի չորս ախտանշաններ, որոնք կրնան կապուած ըլլալ առողջական…