Հաւաքական Դիմադրողականութիւնը Անզօր՝ Օմիքրոն Տարբերակին Դէմ

Հաւաքական դիմադրողականութիւնը (օրկանիզմի անընկալութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններու նկատմամբ) կրնայ անկարող ըլլալ քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակին դէմ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է գիտաշխատող, «մոլեքիւլըր» կենսաբան, վիրուսաբան Մաքսիմ Սքուլաչով: Նոր տարբերակի դէմ հաւաքական դիմադրողականութեան անկարողութեան մասին կը վկայէ այն երկիրներու փորձառութիւնը, ուր «օմիքրոն»ը արդէն իսկ աճ արձանագրած է, գրած է URA.RU-ն: Մասնագէտին խօսքով, հաւաքական դիմադրողականութեան խնդիրը մարդոց՝ վարակուելէն պաշտպանելն…

Եօթը Կրամ Ձիթապտուղի Ձէթը Կը Նուազեցնէ Մահուան Վտանգը

Օրական միայն 7 կրամ (կէս ճաշի դգալ) ձիթապտուղի ձէթը կը նուազեցնէ սրտանօթային, «նիւրոտիճեներաթիվ» եւ շնչառական հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղցկեղէն մահացութեան վտանգը։ Այս եզրակացութեան յանգած են ամերիկացի գիտնականները։ Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ բուսական իւղերով չյագեցած մարկարինը եւ կարագը, օրինակ, ձիթապտուղով փոխարինելը զգալիօրէն կը բարելաւէ առողջութեան ցուցանիշները։ Գիտնականները յայտնած են, որ օրական 10 կրամ այլ ճարպեր,…

Օմիքրոն Տարբերակը Վտանգաւո՞ր Փոքրիկներու Համար

Քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակը կրնայ աւելի վտանգաւոր ըլլալ փոքրիկներուն համար՝ շնչուղիներու առանձնայատկութիւններուն պատճառով։ Նման կարծիք  յայտնած է Նիւ Տելհիի բժշկական հիմնարկի բժիշկ Անիմեշ Արիան։ «Փոքրիկներու շնչուղիները աւելի փոքր են, քան մեծերու շնչուղիները, եւ այս նոր տարբերակը կ՛ազդէ հիմնականին մէջ վարակուած հիւանդներու վերին շնչուղիներուն վրայ»,- ըսած է մասնագէտը։ IANS-ի համաձայն՝ վարակի ախտանիշներն են կոկորդի ցաւը, թեթեւ…

Կարգ Մը Ընկերութիւններ Շահ Կ՛ապահովեն Քորոնա Ժահրին Շնորհիւ

Քորոնա ժահրային համավարակի պատճառով «լոքտաուն»ները մեծ ազդեցութիւն ունեցան «պիզնես»ներու վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այնուամենայնիւ, ոչ բոլոր ոլորտները տուժեցին: Այնպիսի ոլոտներ, ինչպէս՝ զբօսաշրջութիւնը եւ օդագնացութիւնը, անկասկած, մեծապէս վնասուեցան համավարակի պատճառով, սակայն կային նաեւ այնպիսի ոլորտներ, որոնք բաւական ծաղկեցան, ինչպէս՝ առցանց առեւտուրը եւ սնունդի առաքումը: Քորոնա ժահրէն «շահեցան» այնպիսի ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Amazon-ը, Apple-ը, Google-ը, Facebook-ը եւ Microsoft-ը:…

Ինչպէ՞ս Խուսափիլ Գինովութենէ Տօնական Օրերուն

Նոյնիսկ ամանորի տօներուն պէտք չէ չափազանցել ալքոլային խմիչքներ խմելը։ Իսկ գինովնալէ խուսափելու համար, սննդագէտ Իննա Քոնոնենքոն կը յանձնարարէ հետեւիլ քանի մը պարզ կանոններու: Մասնագէտին խօսքով՝ ալքոլային խմիչքներ օգտագործելէն առաջ պէտք է ուտել: Անօթի եղած ժամանակ խմելը շատ վատ գաղափար է։ «Ճարպերով, ածխաջուրերով եւ սպիտակուցներով հարուստ ուտելիքը կը նուազեցնէ իւրացումը, եթէ կ՛օգտագործուի ալքոլէն առաջ կամ խմելու ընթացքին»,-…

Պիստակը Oգտակար՝ Սրտանօթային Համակարգի Աշխատանքին

Պիստակը բարձր քալորի ունի, կը պարունակէ շատ ճարպեր։ Սակայն, չնայած ատոր, պէտք է ներառել սննդականոնին մէջ՝ նիւթափոխանակութիւնը արագացնելու համար, ըսած է սննդաբան Թաթիանա Ռազումովսքայա: Պիստակի օգտագործումը կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգի աշխատանքը եւ կ՛արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը։ Սննդաբանին խօսքով՝ պիստակին հիմնական սննդանիւթերէն մէկը B7-ն է կամ «պայոտին»ը, որ կ՛օգնէ իւրացնելու սպիտակուցը եւ այրելու ճարպերը։ «Եթէ «պայոտին»ը բաւարար չէ,…

Միջերկրականեան Սննդականոնը՝ COVID-19-ի Դէմ

Միջերկրականեան սննդականոնը կրնայ նուազեցնել ծանր COVID-19-ի զարգացման վտանգը։ Այս մէկը պարզած են Magna Græcia համալսարանի իտալացի գիտնականները։ Անոնց հետազօտութեան մասին կը հաղորդէ Medicina ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածը: Հետազօտութեան հեղինակները ուսումնասիրած են միջերկրածովեան սննդականոնի հնարաւոր ազդեցութիւնը քորոնա ժահրային վարակի զարգացման վտանգի վրայ։ Յայտնի է, որ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու բնակիչներու կողմէ աւանդաբար օգտագործուող ուտելիքները…

Ինչպէ՞ս Տօնական Օրերուն Խուսափիլ Թունաւորումներէն

Տօնական օրերուն սննդային թունաւորումներէն զերծ մնալու համար, մասնագէտները կը յանձնարարեն. Նախաճաշ, ճաշ կամ ընթրիք պատրաստելէն առաջ եւ ընթացքին յաճախ լուալ ձեռքերը, յատկապէս, եթէ գործ ունիք հում ուտելիքի հետ, մասնաւորապէս` հում միսի: Պէտք է մաքուր պահել մակերեսները եւ խոհանոցային ապրանքները, որոնք կ՛օգտագործուին պատրաստութեան ժամանակ: Հում միսը, թռչնամիսը եւ ծովային ուտելիքները պէտք է զատել այլ ուտելիքներէն: Եթէ…

«Օմիքրոն»ը 70 Անգամ Աւելի Արագ Կը Բազմանայ «Պրոնք»ներուն Մէջ, քան «Տելթա»ն

Քորոնա ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը 70 անգամ աւելի արագ կը բազմանայ հիւանդներու «պրոնք»ներու (շնչառական ուղիներու ճիւղաւորումներ) հիւսուածքներուն մէջ, քան «Տելթա»ն։ Այս մէկը պարզած են հոնգոնկցի գիտնականները։ Բայց ատոր հետ մէկտեղ «Օմիքրոն»ը 10 անգամ աւելի դանդաղ կը բազմանայ թոքերուն մէջ, եւ ատոր համար մասնագէտները յոյս ունին, որ վարակը աւելի դիւրին կը յաղթահարուի։ Գիտնականները հետազօտած են թոքերու հիւանդութիւններ…

Գիշերը Յայտնուող «Օմիքրոն»ի Ախտանշանը

Քորոնա ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակը ունի արտասովոր ախտանշան մը, որ միայն գիշերը կը յայտնուի։ Այս մասին գրած է Daily Star-ը՝ յղում կատարելով ITV Lorraine հեռատեսիլի հեռարձակումը։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ուր առաջին անգամ յայտնաբերուած է քորոնա ժահրի նոր տարբերակը, բժիշկները յայտնած են գիշերային քրտնարտադրութեան յաւելումի վերաբերեալ՝ վարակուած հիւանդներու բողոքներու մասին: Եթէ սկիզբը քորոնա ժահրով վարակման ախտանշան կը…