Գիտնականները կը բացայայտեն տարիքի բերումով տեղորոշման յիշողութեան կորուստի մեքանիզմը

«Ո՞ւր»-ը յիշելու կարողութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ. ո՞ւր ձգած եմ բանալիներս, ուր ընթրած ենք նախորդ երեկոյեան, ուր հանդիպած եմ ընկերոջս առաջին անգամ։ Այնուամենայնիւ, տեղորոշման յիշողութիւնը՝ վայրերու վերաբերեալ տեղեկութիւնը պահպանելու կարողութիւնը, մտային առաջին գործառոյթներէն է, որ կը տկարանայ տարիքի բերումով։ Այս կարողութեան նուազումը միջին տարիքին կրնայ մտագարութեան կանուխ ցուցանիշ ըլլալ։ Սթանֆորտի համալսարանի…

Ուսումնասիրութիւնը կը յայտնաբերէ, որ աշխատանքը փոխելը կրնայ սթրեսի եւ անքնութեան պատճառ դառնալ

Ցուքուպա համալսարանի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ աշխատանքը փոխած մարդիկ աւելի մեծ հաւանականութիւն կ՛ունենան գխացաւի, յոգնութեան եւ անքնութեան ախտանշաններ ունենալու։ Այս մասին արդիւնքները ստացուած են Ճափոնի մէջ առցանց կատարուած ուսումնասիրութենէ մը, որ ներառած է մօտաւորապէս 20, 000 մարդ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Occupational & Environmental Medicine-ի մէջ։ Թէեւ աշխատանքը փոխելը կրնայ նոր սկիզբ ըլլալ,…

Հետազօտողները կը յայտնաբերեն մինչեւ 117 տարեկան ապրած սպանացի կնոջ երկարակեցութեան գաղտնիքը

Սպանացի Մարիա Պրանեասը մահացաւ անցեալ տարի՝ 117 տարեկանին։ Անոր ծինային վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ կենսաբանական տարիքը զգալիօրէն աւելի երիտասարդ էր, քան ժամանակագրականը։ Տասնամեակներով մասնագէտները հետաքրքրուած են գերերկարակեաց մարդոցմով (առնուազն մինչեւ 110 տարի ապրած), որովհետեւ երկարակեցութեան գաղտնիքները հասկնալը կրնայ դառնալ առողջ ծերացման բանալին։ 2024 թուականի Օգոստոսին մահէն կարճ ժամանակ առաջ, Մարիա Պրանեասը համաձայնած էր օգնել…

Երիկամներու քաղցկեղի դէպքերը կրնան կրկնապատկուիլ մինչեւ 2050 թուականը

Հետազօտողները կը նախազգուշացնեն, որ մինչեւ 2050 թուականը ամբողջ աշխարհի մէջ երիկամներու քաղցկեղի դէպքերու թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ։ Վերջին վերլուծութեան համաձայն՝ 2022 թուականին արձանագրուած է մօտաւորապէս 435,000 երիկամներու քաղցկեղի նոր դէպք եւ 156,000 հազար մահ։ Եթէ ընթացիկ զարգացումները շարունակուին, մինչեւ դարի կէսը դէպքերու թիւը զգալիօրէն աճ կ՛արձանագրէ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են European Urology բժշկագիտական ամսագրին մէջ: Հիմնական վտանգի…

50 տարեկանէն վեր է՞ք. ձեր ուտելիքը կ՛ազդէ ձեր տրամադրութեան վրայ

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կատարուած նոր մեծ հետազօտութիւնը յայտնաբերած է, որ սննդանիւթերով հարուստ սննդականոնը կրնայ բարձրացնել երջանկութեան եւ կեանքի նպատակային զգացումները տարեց հասակին, սակայն անոր ազդեցութիւնը մեծապէս կապուած է տրամադրութեան, առողջական վիճակի եւ եկամուտի մակարդակին հետ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «British Journal of Health Psychology» ամսագրին մէջ։ Գիտնականները վերլուծած են, թէ արդեօք 50 տարեկանէն վեր մարդիկ…

Սկսեցէ՛ք կենսունակ ձեւով. խմեցէ՛ք գաւաթ մը ջուր առաւօտեան ձեր սուրճէն առաջ

Օրուան ընթացքին կենսունակ զգալու համար առաւօտեան սուրճէն առաջ խմեցէք մէկ գաւաթ ջուր: Բացի ատկէ, խուսափեցէ՛ք արթննալէն անմիջապէս ետք սուրճ խմելէն, ինչպէս նաեւ՝ կաթ կամ շաքար աւելցնելէն, բացատրած է «էնտոքրին» համակարգի մասնագէտ Ֆրանսիսքօ Ռոզերոն 20minutos-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: «Քունի ընթացքին մարմինը քանի մը ժամ կը մնայ առանց ջուրի, այդ իսկ պատճառով շատ մարդիկ կ՛արթննան ջրազրկուած», –…

Նորածիններու զննումի իրազեկման կեանք փրկող արժէքը

Ամէն տարի հազարաււոր փոքրիկներ կը ծնին հազուադէպ, սակայն լուրջ բժշկական հարցերով, որոնք կրնան նկատելի չըլլալ ծննդեան ժամանակ: Սակայն նորածիններու յատուկ զննումի շնորհիւ այս խնդիրներէն շատերը կրնան յայտնաբերուիլ կանուխ՝ յաճախ մինչեւ ախտանշաններուն ի յայտ գալը՝ փոքրիկներուն կեանքի լաւագոյն մեկնարկը ապահովելու համար: Ի՞նչ է նորածինի զննումը Նորածինի զննումը սովորական գործընթաց մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ ծնելէն անմիջապէս…

Նոր հակակրիփային «քոքթէյլ»-ը կը խոստանայ պաշտպանութիւն՝ նոյնիսկ փոխակերպուած տեսակներէն

Քոնեքթիքութ նահանգի The Jackson Laboratory-ի գիտնականները մշակած են խոստմնալից հակամարմիններու «քոքթէյլ» մը, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ` համընդհանուր բուժումի համար «կրիփ»-ի A ժահրի (IAV) դէմ: Ժահրերու այս ընտանիքը կանոնաւոր եղանակային համաճարակներ կը յառաջացնէ եւ կապուած է համավարակներու վտանգի հետ, յատկապէս թռչնակրիփի տեսակներու տարածման ժամանակ: Աշխատանքը հրապարակուած է Science Advances բժշկագիտական ամսագրին մէջ: Աւանդական «կրիփ»-ի պատուաստները կը ստեղծուին ամենէն…

Ձեր բարեկեցութիւնը ամենակարեւորն է

Շնչելը բան մըն է, որ մեզմէ շատերը ի սկզբանէ կը նկատեն որպէս ինքնստինքեան տրուած բան՝ մինչեւ որ անիկա դառնայ դժուար իրագործելի։ Մարդ արարածին շնչառական համակարգը կենսական դեր ունի զինք կենդանի եւ առողջ պահելու աշխատանքին մէջ՝ թթուածին մատակարարելով մարմնի իւրաքանչիւր բջիջին եւ հեռացնելով ածխաթթու կազը։ Երբ մեր թոքերը եւ շնչուղիները ճիշդ ձեւով կը գործեն, մենք կ՛ունենանք…

Փոխադարձ կապ՝ փոքրիկներու ֆիզիքական պատրաստուածութեան եւ հոգեկան առողջութեան միջեւ

Հիւսիսարեւելեան համալսարանի (Northeastern University – Boston) գիտնականներուն կատարած նոր հետազօտութիւնը, թէ արդեօ՞ք փոքրիկներու մարմնի ճարպը եւ «այրոպիք» պատրաստուածութիւնը կապուած են անոնց հոգեկան առողջութեան հետ, յայտնաբերած է, որ մարմնի ցած ճարպի քանակի եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակի, ինչպէս նաեւ փոքրիկներու շրջանակին մէջ մտատանջութեան եւ ընկճախտի ախտանշաններու նուազումին միջեւ փոխադարձ կապ կայ։ JAMA Network Open ամսագրին մէջ…