Ցուքուպա համալսարանի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ աշխատանքը փոխած մարդիկ աւելի մեծ հաւանականութիւն կ՛ունենան գխացաւի, յոգնութեան եւ անքնութեան ախտանշաններ ունենալու։ Այս մասին արդիւնքները ստացուած են Ճափոնի մէջ առցանց կատարուած ուսումնասիրութենէ մը, որ ներառած է մօտաւորապէս 20, 000 մարդ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Occupational & Environmental Medicine-ի մէջ։
Թէեւ աշխատանքը փոխելը կրնայ նոր սկիզբ ըլլալ, անիկա կրնայ նաեւ յանգեցնել ֆիզիքական եւ մտային «սթրես»-ի աճի: Հետազօտութիւնը կը մատնանշէ աշխատողներու համար առկայ աջակցութեան համակարգերը վերանայելու կարիքը։
Երկրի ամբողջ տարածքին կատարուած մօտաւորապէս 20, 000 մարդոց առցանց ուսումնասիրութեան տուեալները վերլուծուած են «աշխատանքի փոփոխութիւններու» եւ «ինքնուրոյն նշուած առողջական ախտանշաններու» միջեւ կապը որոշելու համար։
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ անոնք, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին փոխած էին աշխատանքը, գլխացաւի, յոգնութեան եւ անքնութեան ախտանշաններու աւելի բարձր ցուցանիշներ ունեցած են, քան անոնք, որոնք չէին փոխած աշխատանքը։ Այս մէկը յատկապէս նկատելի էր անոնց մօտ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով փոխած էին աշխատանքը։
Աշխատանք փոխողները աւելիով արտայայտուած են այնպիսի «սթրեսային» գործօններու մասին, ինչպէս՝ գիշերային հերթափոխութեամբ գործերը, աշխատավայրին մէջ տեղի ունեցած բռնածաղրը եւ աշխատանքային չափազանց ծանրաբեռնուածութիւնը։ Նման իրավիճակները կրնան ֆիզիքական անհանգստութիւն յառաջացնել եւ բացասաբար ազդել հոգեկան առողջութեան վրայ։
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ աշխատանքային փոփոխութիւնները կրնան տրամադրել ինչպէս կարելիութիւններ, այնպէս ալ ներառել վտանգներ աշխատանքային միջավայրին մէջ: Անոնք ընդգծած են աշխատանքի փոփոխութիւններու հետ կապուած հոգեբանական-հասարակական «սթրես»-ը հասկնալու եւ այդ ընթացքին առկայ աջակցութեան համակարգերը վերանայելու կարեւորութիւնը։

