Դաշտանադադարը բնական անցում մըն է, որ կը նշէ կնոջ վերարտադրողական տարիներուն աւարտը։ Անիկա կը սահմանուի որպէս 12 անընդմէջ ամիսներ առանց դաշտանի։ Սակայն կան բացառութիւններ։ Արգանդը ազդող որոշ բժշկական միջամտութիւններ կամ «հորմոնալ» ծննդաբերութեան վերահսկման որոշ միջոցներ կրնան դադրեցնել ամսական արիւնահոսութիւնը, նոյնիսկ եթէ դաշտանադադարը տակաւին տեղի չէ ունեցած։
Թէեւ շատեր դաշտանադադարը կը կապեն յանկարծակի տաքութեան զգացումներու (hot flashes) եւ դաշտանային փոփոխութիւններու հետ, անիկա կրնայ նաեւ ազդել երկարաժամկէտ առողջութեան բազմաթիւ կողմերու վրայ։ Այս ազդեցութիւնները կրնան տարբերիլ անձէ անձ, սակայն անոնք նաեւ ծերացման բնական ընթացքի սովորական մէկ մասն են։
Հորմոններ
Այս փոփոխութիւններուն հիմնական պատճառներէն մէկը «էսթրոժեն»ի (estrogen) եւ «փրոժեսթերոն»ի (progesterone) մակարդակներուն նուազումն է՝ հորմոններ, որոնք դեր կը խաղան մարմնի բազմաթիւ համակարգերու գործառոյթին մէջ։ Երբ այս «հորմոն»ներուն մակարդակները կը նուազին, փոփոխութիւնները անմիջապէս ի յայտ չեն գար, այլ աստիճանաբար կը դրսեւորուին տարիներու ընթացքին։
«Էսթրոժեն»ը (estrogen) կ՛օգնէ պահպանելու արիւնատար անօթներու առողջութիւնը եւ «քոլեսթերոլ»ի առողջ մակարդակները։ Դաշտանադադարի ընթացքին, երբ անոր մակարդակը կը նուազի, արիւնատար անօթները կրնան դառնալ աւելի նուազ ճկուն, իսկ «քոլեսթերոլ»ի մակարդակները՝ բարձրանալ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել արիւնատար անօթներուն մէջ ճարպային կուտակումներու յառաջացման։ Այս փոփոխութիւնները կրնան բարձրացնել սրտային հիւանդութիւններու վտանգը դաշտանադադարէն ետք, մանաւանդ այն անձերուն մօտ, որոնք արդէն ունին այլ վտանգի գործօններ։
Շատ կիներ դաշտանադադարի ընթացքին կը նկատեն յիշողութեան, կեդրոնացումի կամ տրամադրութեան փոփոխութիւններ։ «Մտային մշուշ» (brain fog), բառեր գտնելու դժուարութիւն կամ մոռացկոտութիւն յայտնի ախտանշաններ են եւ կրնան կապուած ըլլալ «հորմոնալ» փոփոխութիւններու, քունի խանգարումի եւ «սթրես»ի հետ։
Շատ պարագաներու այս փոփոխութիւնները մեղմ են եւ կրնան ժամանակ առ ժամանակ յայտնուիլ ու անհետանալ։ Սակայն այն ախտանշանները, որոնք մնայուն են, հետզհետէ կը սաստկանան կամ ուրիշներու կողմէ ալ նկատելի կը դառնան, կրնան աւելի մանրամասն բժշկական գնահատման կարիքը ունենալ։ Ասոնք կրնան ներառել զրոյցներու հետեւելու դժուարութիւն, ծանօթ վայրերու մէջ կողմնորոշումի կորուստ կամ մտածողութեան եւ վարքագիծի մէջ փոփոխութիւններ։
Ոսկորներու առողջութիւնը այլ կարեւոր նկատառում մըն է։ «Էսթրոժեն»ը կ՛օգնէ պահպանելու ոսկորներու խտութիւնը եւ զօրութիւնը, իսկ երբ անոր մակարդակները կը նուազին, մարմինը ոսկրային հիւսուածքը աւելի արագ կը կորսնցնէ, քան կը վերակառուցէ։ Ժամանակի ընթացքին այս մէկը կրնայ յանգեցնել ոսկորներու խտութեան նուազումին եւ կոտրուածքներու վտանգի բարձրացման։
Ոսկրային զանգուածի կորուստը յաճախ կը սկսի դաշտանադադարի շրջանին եւ կրնայ շարունակուիլ քանի մը տարիներ։ Վտանգի գործօնները կը ներառեն աւելի յառաջացած տարիքը, փոքր կազմուածքը, ծխելը, ֆիզիքական անգործունէութիւնը, որոշ բժշկական վիճակներ եւ դեղերու գործածութիւնը։ Զննումը կրնայ օգնել այս փոփոխութիւնները կանուխ հանգրուանին յայտնաբերելու, որովհետեւ ոսկրային զանգուածի կորուստը յաճախ տեղի կ՛ունենայ առանց նկատելի ախտանշաններու։
Դաշտանադադարը կրնայ ազդել առօրեայ կեանքին վրայ այնպիսի ձեւերով, որոնք միշտ չէ, որ անմիջապէս կը նկատուին։ Որոշ կիներ կրնան զգալ յոգնութիւն, յօդացաւեր, կշիռքի կամ մորթի փոփոխութիւններ, կամ սեռային ցանկութեան փոփոխութիւններ։ Կրնայ նաեւ աւելնալ նիւթափոխանակային խանգարումներու կամ միզուղիներու վարակներու վտանգը։
Բուժում եւ խնամք
Առողջ սովորութիւնները կրնան նշանակալից տարբերութիւն ստեղծել դաշտանադադարէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք։ Կանոնաւոր ֆիզիքական գործունէութիւնը, ներառեալ սրտանօթային եւ ծանրաբեռնող մարզանքները, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած սննդականոնը, կրնան նպաստել ընդհանուր առողջութեան պահպանման։ Քունին առաջնահերթութիւն տալը, ծխախոտէն խուսափիլը եւ ոգելից խմիչքներու օգտագործումը սահմանափակելը նոյնպէս կարեւոր են։ Փոքր, բայց հետեւողական ապրելակերպային փոփոխութիւնները ժամանակի ընթացքին կրնան մնայուն ազդեցութիւն ունենալ, ուստի լաւագոյնը զանոնք որդեգրելն է նախքան դաշտանադադարի անցումային շրջանը սկսիլը։
Կանոնաւոր բժշկական զննումները առիթ կու տան ներկայացնելու ձեր ախտանշանները եւ մտահոգութիւնները։ Ձեր առողջապահական խումբը կրնայ օգնել որոշելու յաջորդ քայլերը, ներառեալ վտանգի գործօններու վերահսկողութիւնը եւ այն որոշումը, թէ երբ զննումները կամ բուժումները յարմար եւ անհրաժեշտ են։
«Հորմոն»ային բուժումը կրնայ օգնել վերահսկելու ախտանշանները եւ նպաստել ոսկորներու ու սրտի առողջութեան պահպանման։ Այս բուժումը ամենէն արդիւնաւէտն է, երբ կը սկսի դաշտանադադարի սկզբնական փուլերուն, եւ կրնայ յարմար ընտրանք ըլլալ որոշ անձերու համար՝ իրենց առողջապահական մասնագէտին հետ վտանգները եւ օգուտները քննարկելէ ետք։
Ոչ «հորմոն»ային տարբերակներ ալ գոյութիւն ունին անոնց համար, որոնք «հորմոն»ներու հետ կապուած բարդութիւններու վտանգի տակ են կամ չեն նախընտրեր «հորմոն»ներ գործածել։ Դեղեր եւ ապրելակերպային միջոցառումներ մատչելի են՝ տաքութեան նոպաներու, հեշտոցի չորութեան եւ քունի խանգարումներու նման ախտանշանները մեղմացնելու համար։
Դաշտանադադարը աւելին է, քան դաշտանային շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւն մը։ Անիկա անցում մըն է, որ կ՛ազդէ առողջութեան բազմաթիւ կողմերու վրայ։ Գիտելիքի ձեռքբերումով եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտի մը հետ քննարկումներու միջոցով կիները կրնան հիմնաւորուած որոշումներ կայացնել կանխարգելիչ խնամքի եւ բուժման տարբերակներու մասին՝ դաշտանադադարի ընթացքին իրենց առողջութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու համար։

