Դաշտանադադարի ազդեցութիւնը սրտի, ուղեղի եւ ոսկորներու առողջութեան վրայ
Դաշտանադադարը բնական անցում մըն է, որ կը նշէ կնոջ վերարտադրողական տարիներուն աւարտը։ Անիկա կը սահմանուի որպէս 12 անընդմէջ ամիսներ առանց դաշտանի։ Սակայն կան բացառութիւններ։ Արգանդը ազդող որոշ բժշկական միջամտութիւններ կամ «հորմոնալ» ծննդաբերութեան վերահսկման որոշ միջոցներ կրնան դադրեցնել ամսական արիւնահոսութիւնը, նոյնիսկ եթէ դաշտանադադարը տակաւին տեղի չէ ունեցած։ Թէեւ շատեր դաշտանադադարը կը կապեն յանկարծակի տաքութեան զգացումներու (hot…


