Երկիրը արագօրէն կը տաքնայ. ի՛նչ կը պատահի ձեր մարմնին ծայրայեղ տաք պայմաններուն մէջ

Մարդկային գործունէութեամբ պայմանաւորուած կլիմայական փոփոխութիւնը արդէն իսկ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տաքութեան ալիքները դարձուցած է աւելի յաճախակի եւ սաստիկ։ Եղանակային երեւոյթներուն վրայ երկրագունդի տաքացման ազդեցութիւնը ուսումնասիրող գիտնականները կ’ըսեն, թէ մեր օրերուն արձանագրուող իւրաքանչիւր տաքութեան ալիք իր վրայ կը կրէ կլիմայական ճգնաժամին հետքերը։ Կլիմայական փոփոխութիւնը, որուն հիմնական պատճառը մարդոց կողմէ հանածոյ վառելանիւթերու այրումն է, ընդհանրապէս կը…

Միոմներ․ նոր զարգացումները կիներուն կը տրամադրեն աւելի քիչ ներխուժողական բուժման տարբերակներ

Արգանդի «միոմ»ները (myoma – fibroids) կ՚աճին արգանդին մէջ։ Անոնք գրեթէ միշտ ոչ քաղցկեղային են։ Կինը կրնայ ունենալ մէկ կամ քանի մը «միոմ»։ «Միոմ»ը կրնայ այնքան փոքր ըլլալ, որ պարզ աչքով կարելի չըլլայ տեսնել, կամ այնքան մեծնալ, որքան «կրէյփֆրութ»ի չափը կամ աւելին, նոյնիսկ լեցնել կոնքի կամ որովայնի շրջանը եւ մարդը յղի թուիլ։ «Ասոնք պարզ անհանգստութիւններ չեն,…

Վերարժեւորելով ծերացումը․ ինչո՞ւ «առողջ կեանքի տեւողութիւնը» նոյնքան կարեւոր է, որքան կեանքի տեւողութիւնը

Մայօ Քլինիքի բժիշկները կը ջանան փոխել թէ՛ բժիշկներուն, թէ՛ հիւանդներուն մտածելաձեւը ծերացման մասին։ Mayo Clinic Proceedings ամսագրին մէջ վերջերս հրատարակուած յօդուած մը կը ներկայացնէ «առողջ կեանքի տեւողութեան» (healthspan) նոր հասկացողութիւն մը՝ այն տարիները, որոնց ընթացքին մարդը կ՚ապրի առողջ, կը պահպանէ իր ֆիզիքական եւ մտային կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ անկախութիւնը։ Յօդուածը, որուն համահեղինակներն են Մայօ Քլինիքի ներքին…

Տաք եղանակին շաքար պարունակող ըմպելիքներ խմելը կրնայ բարձրացնել ուղեղի կաթուածի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը

Տաք եղանակին մարմինը աւելի շատ ջուր կը կորսնցնէ քրտնարտադրութեան միջոցով, որովհետեւ կը փորձէ պահպանել իր բնական ջերմաստիճանը։ Նոյնիսկ թեթեւ ջրազրկումը կրնայ ծարաւի զգացում յառաջացնել, ինչ որ մեզի կը մղէ աւելի յաճախ ըմպելիք փնտռելու։ Բացի ատկէ, ջրազրկումը կը բարձրացնէ մարմնի ջուրի եւ «ելեկթրոլիտ»ներու պահանջը, մանաւանդ երբ երկար ժամանակ դուրս կը մնանք կամ ֆիզիքական աշխոյժ գործունէութիւն կ՛ունենանք։…

Ինչո՞ւ տաք եղանակը կը նուազեցնէ ձեր ախորժակը. ի՞նչ կը պատահի մարմինին մէջ

Սաստիկ տաք եղանակին շատերու ախորժակը զգալիօրէն կը նուազի, եւ նոյնիսկ տաք կերակուրի մասին միտքը կրնայ անհաճոյ թուիլ։ Ասիկա պարզապէս նախասիրութեան հարց չէ, այլ մարմինին ջերմակարգաւորման (thermoregulation) բարդ համակարգին արդիւնքնէ։ The Conversation-ին համաձայն՝ երբ ջերմաստիճանը կը բարձրանայ, մարմինը իր ուժերը աւելի կը յատկացնէ պաղելուն, քան մարսողութեան։ Մարմինին հիմնական նպատակն է ներքին ջերմաստիճանը շուրջ 37°C-ի (98.6°F) սահմաններուն…

Փրիպիոթիքներ եւ փրոպիոթիքներ․ ի՞նչ է տարբերութիւնը անոնց միջեւ

Մարդու մարսողական համակարգին մէջ կ՚ապրին մօտաւորապէս 100 թրիլիոն մանրէներ (օգտակար պաքթիրիաներ) ։ Այս բոլոր մանրէները միասին կը կազմեն այն, ինչ որ կը կոչուի աղիքային մանրէահամայնք (gut microbiome) ։ Այս օգտակար «պաքթիրիա»ները կը պայքարին վնասակար «պաքթիրիա»ներուն դէմ, որպէսզի օգնեն պահպանելու աղիքներուն առողջութիւնը։ Փրոպիոթիքներ․ կը նպաստեն մարսողութեան եւ ընդհանուր առողջութեան Փրոպիոթիքները (probiotics) ապրող օրկանիզմներ են՝ կամ պարզապէս…

Քաղցկեղի հետազօտութեան մէջ նոր յառաջընթաց. մէկ ծինի ապաշխուժացումը ուռուցքները կը բացայայտէ դիմադրողական համակարգին առջեւ

Քալկարիի համալսարանի հետազօտողները հաղորդած են կարեւոր բացայայտումի մը մասին, որ կրնայ մեծ յառաջընթաց նշանակել հաստ եւ ուղիղ աղիքներու քաղցկեղի բուժման մէջ. մէկ ծինի հեռացումը կրնայ ուռուցքային բջիջները «տեսանելի» դարձնել դիմադրողական համակարգին համար եւ զգալիօրէն բարելաւել իմունաբուժութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է Cell Reports Medicine գիտական ամսագրին մէջ, ղեկավարած է դոկտ. Արշատ Այյազը՝ (Arshad Ayyaz) Կենսաբանական…

Ինչո՞ւ մանրաթելը օգտակար է ձեր ընդհանուր առողջութեան համար

Վերջերս մանրաթելը (fiber) մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանայ առողջապահական լուրերուն մէջ։ Բայց ի՞նչ է սննդային մանրաթելը, եւ ինչո՞ւ անիկա կարեւոր է ընդհանուր առողջութեան համար։ Սննդային մանրաթելը բուսական ծագում ունեցող մթերքներու այն բաղադրիչն է, որ օրկանիզմը չի կրնար մարսել կամ քայքայել։ Ի տարբերութիւն սպիտակուցներու, ճարպերու եւ պարզ ածխաջուրերու, մանրաթելը գրեթէ անփոփոխ կ՚անցնի մարսողական համակարգէն։ Որովհետեւ մարմինը չի կրնար…

Խորհուրդներ՝ փոքրիկները վնասակար ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանելու համար

Մորթի քաղցկեղը Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղցկեղի ամենէն ընդհանրացած տեսակն է, եւ Մորթաբանութեան ամերիկեան ակադեմիային համաձայն՝ մանկութեան կամ պատանեկութեան ընթացքին արեւու պատճառով գոյացած զօրաւոր արեւայրուք մը (մաշկին վրայ ջրապալարներ յառաջացնող արեւայրուք) բաւարար է, որպէսզի հետագային «մելանոմա»ի զարգացման հաւանականութիւնը գրեթէ կրկնապատկուի։ Որովհետեւ նորածինները եւ փոքրիկները դիւրութեամբ արեւայրուք կը ստանան, քան աւելի մեծերը, յատկապէս կարեւոր է զանոնք պաշտպանել…

Առօրեայ ի՞նչ սովորութիւններ կրնան օգնել ձեզ պաշտպանուելու մորթի քաղցկեղէն եւ նուազեցնելու անոր վտանգը

Անկախ անկէ՝ երկինքը պայծառ է թէ ամպամած, ձեր մորթը կ՛ենթարկուի արեւէն եկող ուլթրամանիշակագոյն (UV) ճառագայթներու ազդեցութեան։ UVB ճառագայթները արեւայրուքի (sunburn) հիմնական պատճառն են, մինչդեռ UVA ճառագայթները աւելի խորը կը թափանցեն մորթին մէջ՝ նպաստելով վաղաժամ ծերացման նշաններու, ինչպէս՝ մանր կնճիռները եւ արեւային բիծերը։ Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներու երկու տեսակն ալ կը բարձրացնեն մորթի քաղցկեղի վտանգը։ Արեւու ազդեցութեամբ մուգ…