Նորածիններու զննումի իրազեկման կեանք փրկող արժէքը

Ամէն տարի հազարաււոր փոքրիկներ կը ծնին հազուադէպ, սակայն լուրջ բժշկական հարցերով, որոնք կրնան նկատելի չըլլալ ծննդեան ժամանակ: Սակայն նորածիններու յատուկ զննումի շնորհիւ այս խնդիրներէն շատերը կրնան յայտնաբերուիլ կանուխ՝ յաճախ մինչեւ ախտանշաններուն ի յայտ գալը՝ փոքրիկներուն կեանքի լաւագոյն մեկնարկը ապահովելու համար: Ի՞նչ է նորածինի զննումը Նորածինի զննումը սովորական գործընթաց մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ ծնելէն անմիջապէս…

Նոր հակակրիփային «քոքթէյլ»-ը կը խոստանայ պաշտպանութիւն՝ նոյնիսկ փոխակերպուած տեսակներէն

Քոնեքթիքութ նահանգի The Jackson Laboratory-ի գիտնականները մշակած են խոստմնալից հակամարմիններու «քոքթէյլ» մը, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ` համընդհանուր բուժումի համար «կրիփ»-ի A ժահրի (IAV) դէմ: Ժահրերու այս ընտանիքը կանոնաւոր եղանակային համաճարակներ կը յառաջացնէ եւ կապուած է համավարակներու վտանգի հետ, յատկապէս թռչնակրիփի տեսակներու տարածման ժամանակ: Աշխատանքը հրապարակուած է Science Advances բժշկագիտական ամսագրին մէջ: Աւանդական «կրիփ»-ի պատուաստները կը ստեղծուին ամենէն…

Ձեր բարեկեցութիւնը ամենակարեւորն է

Շնչելը բան մըն է, որ մեզմէ շատերը ի սկզբանէ կը նկատեն որպէս ինքնստինքեան տրուած բան՝ մինչեւ որ անիկա դառնայ դժուար իրագործելի։ Մարդ արարածին շնչառական համակարգը կենսական դեր ունի զինք կենդանի եւ առողջ պահելու աշխատանքին մէջ՝ թթուածին մատակարարելով մարմնի իւրաքանչիւր բջիջին եւ հեռացնելով ածխաթթու կազը։ Երբ մեր թոքերը եւ շնչուղիները ճիշդ ձեւով կը գործեն, մենք կ՛ունենանք…

Փոխադարձ կապ՝ փոքրիկներու ֆիզիքական պատրաստուածութեան եւ հոգեկան առողջութեան միջեւ

Հիւսիսարեւելեան համալսարանի (Northeastern University – Boston) գիտնականներուն կատարած նոր հետազօտութիւնը, թէ արդեօ՞ք փոքրիկներու մարմնի ճարպը եւ «այրոպիք» պատրաստուածութիւնը կապուած են անոնց հոգեկան առողջութեան հետ, յայտնաբերած է, որ մարմնի ցած ճարպի քանակի եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակի, ինչպէս նաեւ փոքրիկներու շրջանակին մէջ մտատանջութեան եւ ընկճախտի ախտանշաններու նուազումին միջեւ փոխադարձ կապ կայ։ JAMA Network Open ամսագրին մէջ…

Ընկճախտի խորքային մեքանիզմները․ խանգարման մասին բջիջային գաղտնիքներու բացայայտում

ՄաքԿիլի համալսարանի եւ Տուկլաս հիմնարկի գիտնականները բացայայտած են ուղեղի փոփոխութիւններու երկու տեսակ, որոնք կը յառաջանան ընկճախտ ունեցող մարդոց մօտ։ Nature Genetics-ի մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ճամբայ կը հարթէ ընկճախտի նոր բուժումներու մշակման համար, որոնք կը թիրախաւորեն յատուկ բջիջներ։ Հետազօտութիւնը նաեւ կը խորացնէ մեր հասկացողութիւնը խանգարման մասին, որ աշխարհի մէջ անկարողութեան առաջատար պատճառներէն է եւ կ՛ազդէ աւելի…

Ուրիշներուն օգնելը կրնայ դառնալ բանալի ձեր միտքը սուր պահելու համար

«Ինչ ցանես, այդ ալ կը հնձես» արտայայտութիւնը կրնայ պարզապէս «քլիշէ» ըլլալ, բայց «Հասարակական գիտութիւն եւ բժշկութիւն» ամսագրին մէջ հրապարակուած վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ուրիշներուն օգնելը կրնայ զգալի օգուտներ բերել ծերացող ուղեղին։ Արդիւնքներուն համաձայն՝ միջին եւ տարեց մարդիկ, որոնք պարբերաբար կ՛օգնեն անծանօթներու, ճանաչողական կարողութիւններու զգալիօրէն աւելի դանդաղ անկում կ՛ապրին, քան անոնք, որոնք չեն…

Ինչպէ՞ս մօր աղիքային միքրոֆլորան կ՛ազդէ զաւակին դիմադրողական համակարգին վրայ

Նոր ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ թէ՛ մօր, թէ՛ նորածիններու աղիքային «միքրոֆլորա»-ի (microflora) կազմը կրնայ զգալիօրէն ազդել նորածինին առողջութեան վրայ, մասնաւորաբար՝ կեանքի առաջին ամիսներուն շնչառական վարակներու նկատմամբ անոնց զգայունութեան վրայ։ Ֆինլանտացի գիտնականները բացայայտած են, որ ծննդաբերութենէն ետք առաջին շաբաթներուն աղիքային մանրէներու բազմազանութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը կրնան ազդել, թէ որքանո՞վ մանուկը կ՛ենթարկուի պաղառութեան եւ այլ շնչառական վարակներու վեց…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն՝ ինչպէ՞ս դանդաղեցնել ծերացումը բջիջային մակարդակի վրայ

Քորիայի յառաջադէմ գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնարկի (KAIST) գիտնականները, այլ առաջատար հետազօտական ​​հաստատութիւններու հետ միատեղ, յայտնաբերած են, որ PELOTA սպիտակուցը, որ յայտնի է «Ռիպոնիւքլէինաթթու» -ի (RNA, բոլոր կենդանի օրկանիզմներու մէջ գտնուող երեք հիմնական մաքրոմոլեքիւլներէն մէկը) որակի վերահսկման աշխատանքին մէջ իր դերով, կրնայ դանդաղեցնել ծերացումը եւ երկարաձգել կեանքի տեւողութիւնը: Այս յայտնագործութիւնը նոր ուղիներ կը բանայ ծերաբանութեան եւ…

Ինչպէ՞ս տարբեր բուսական սննդականոնները կը նուազեցնեն քաղցկեղի զարգացման վտանգը

Վերջերս The American Journal of Clinical Nutrition-ին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ուսումնասիրած է բուսական սննդականոնի տարբեր տեսակներու եւ տարբեր օրկաններու մէջ քաղցկեղի զարգացման վտանգի միջեւ կապը։ Բուսական սննդականոնը սովորաբար կը ներառէ շատ բանջարեղէն, պտուղներ, ընկուզեղէն եւ լուբիայի տեսակներ, մինչդեռ միսը կը սահմանափակուի կամ ամբողջութեամբ կը բացառուի։ Նման սննդականոնը կը բարձրացնէ հակաքաղցկեղային ազդեցութեամբ «ֆիթոքիմիական» նիւթերու օգտագործումը եւ…

Մանկական քաղցկեղի «զոմպի բջիջները». ինչո՞ւ անիկա անընդհատ կը վերադառնայ

Քաղցկեղը փոքրիկներու համար ամենէն աղիտալի հիւանդութիւններէն մէկն է, որ կը խլէ բազմաթիւ մանկական կեանքեր: Գիտնականները կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչո՞ւ որոշ ուռուցքներ այդքան արագ կը վերադառնան բուժումէն ետք: Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ պատճառը կրնայ ըլլալ քաղցկեղային բջիջներուն մէջ գոյութիւն ունեցող ոչ սովորական օղակաձեւ DNA-ը: Այս օղակաձեւ DNA-ը կամ ecDNA-ը կը ձեւաւորուի, երբ «քրոմոզոմ»-ներու…