Երկարակեցութեան հասնելու համար քիչ կերէք, բայց սոված մի՛ մնաք
Նիւ Ճըրզիի Ճեքսըն Տարրալուծարանի գիտնականները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, բացայայտած են, որ կեանքի տեւողութիւնը երկարաձգելու համար պէտք է սահմանափակել օգտագործուող քալորիներու քանակը, սակայն խուսափիլ երկարատեւ սովէն։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature ամսագրին մէջ։ Բացայայտելու համար, թէ սննդականոնի ո՞ր տեսակը ամենէն արդիւնաւէտն է կեանքը երկարաձգելու համար, գիտնականները փորձարկում մը կատարած են մուկերու հինգ խումբի վրայ։ Հետազօտողները խուսափած…










