Կրծքագեղձի քաղցկեղը «կ՛իւրացնէ» թոքերու վերականգնման մեքանիզմները՝ մեթասթազներու աճը խթանելու համար

Cancer Research Communications բժշկագիտական ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ կրծքագեղձի քաղցկեղի բջիջները կրնան օգտագործել թոքերու բնական վերականգնման «մեքանիզմ»-ները՝ իրենց սեփական աճին եւ տարածման համար: Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ երբ դէպի թոքեր կը «մեթասթազաւորեն», ուռուցքային բջիջները կ՚աշխուժացնեն մարմնին վնասման պատասխանող բնական գործընթացները, սակայն յետոյ փաստօրէն «կ՛իւրացնեն» զանոնք։ Երբ քաղցկեղը կը տարածուի…

Հումուսի թաքուն օգտակարութիւնները․ համեղ միջոց մը՝ քոլեսթերոլը նուազեցնելու եւ կշիռքի կորուստին աջակցելու

Հումուսը սպիտակուցի, մանրաթելի եւ երկաթի լաւ աղբիւր մըն է՝ մասամբ «թահին»-ի շնորհիւ։ Ոչ ոք յստակ գիտէ, թէ ով ստեղծած է «հումուս»-ը (ուտելիք՝ գլխաւոր բաղադրիչը սիսեռի «բիւրէ»-ն)։ Լիբանանէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Սուրիայէն մինչեւ Թուրքիա՝ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ կը յաւակնին այս ուտելիքին, որուն մասին յիշատակութիւններ կան 13-րդ դարէն, կը գրէ Daily Mail-ը։ Հակառակ «հումուս»-ի համբաւին իբրեւ…

Մանկութեան սթրեսը կրնայ պատճառ դառնալ չափահաս տարիքին մարսողական խնդիրներու

Գիտնականներու միջազգային խումբ մը ցոյց տուած է, որ կեանքի կանուխ փուլին սթրեսը կրնայ բարձրացնել ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգը հետագային։ Աղիքներու գործառոյթի եւ «սիմփաթիք» (sympathetic) նեարդային համակարգի (Սիմփաթիք նեարդային համակարգը ինքնավար նեարդային համակարգի այն մասն է, որ կը պատրաստէ մարմինը լարուածութեան եւ վտանգի արձագանգելու) փոփոխութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Gastroenterology (GE) բժշկագիտական ամսագրին…

Բջիջները «երիտասարդացնող» դեղը առաջին անգամ ըլլալով պիտի փորձարկուի մարդոց վրայ

Բջիջները աւելի երիտասարդ վիճակի վերադարձնելու գաղափարը այլեւս գիտական «ֆանթասթիք» չէ (science fiction). ամերիկեան Life Biosciences ընկերութիւնը արտօնութիւն ստացած է՝ ER-100 դեղին առաջին մարդկային «քլինիքային» փորձարկումները կատարելու համար։ Բուժումը հիմնուած է մասնակի «էփիճենեթիք» (epigenetic – ծիներու գործունէութիւնը կարգաւորող` ծիներու միացման եւ անջատման հետ կապուած) վերածրագրաւորման վրայ, որ կ՛արտօնէ բջիջները «վերակազմաւորել»՝ առանց զանոնք ցօղունային բջիջներու վերածելու։ Ժամանակակից…

Թերագնահատուած օրկան. գիտնականները կը բացատրեն կուրաղիքի հնարաւոր դերը դիմադրողականութեան մէջ

Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ մարդու կուրաղիքը, որ երկար ժամանակ նկատուած է իբրեւ անօգուտ «եղաշրջումի մնացորդ», կրնայ կարեւոր դեր ունենալ մարմինին մէջ, հաղորդած է The Conversation-ը։ Գիտնականները բացայայտած են, որ կուրաղիքին նման կառուցուածք մը անկախաբար զարգացած է կաթնասուններու 361 տեսակներու մօտ առնուազն 32 անգամ։ Կենսաբանութեան մէջ այս կրկնուող երեւոյթը կը կոչուի «քոնվերկենթ եղաշրջում» (convergent…

Եղանակային պայմանները կ՛ազդեն սրտի կաթուածի զարգացման հաւանականութեան վրայ

Եղանակային պայմաններու փոփոխութիւնները կրնան բարձրացնել սրտամկանի «ինֆարքթ»-ի (myocardial infarction – սրտամկանի հիւսուածքի մահացում) զարգացման հաւանականութիւնը։ Այս եզրակացութեան յանգած են այն հետազօտողները, որոնք մեքենայական ուսուցման մեթոտներ կիրառած են՝ վերլուծելու համար օդերեւութաբանական գործօններու եւ սրտի կաթուածներու յառաջացման յաճախականութեան միջեւ կապը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Frontiers in Cardiovascular Medicine գիտական ամսագրին մէջ։ Գիտնականները ուսումնասիրած են սրտի կաթուած ունեցող…

Գիշերային ծոմապահութիւնը եւ մարմնի կենսաբանական րիթմը կրնան բարելաւել սրտամեթապոլիք առողջութիւնը

Քնանալէ առնուազն երեք ժամ առաջ ուտելը դադրեցնելը կրնայ նպաստել սրտի առողջութեան բարելաւման։ . Վերջին քանի մը տարիներուն «սրտամեթապոլիք» առողջութեան վերաբերող հետազօտութիւնները աճ արձանագրած են։ . Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ մարդիկ կրնան բարելաւել իրենց «սրտամեթապոլիք» առողջութիւնը՝ ընտրելով առողջ ապրելակերպ, օրինակ՝ առողջ սննդականոնի հետեւելով եւ բաւարար ու որակաւոր քուն ունենալով։ . Նոր ուսումնասիրութիւն մը կը…

Քրոնոսնուցում․ ինչո՞ւ ուտելու ժամանակը կարեւոր է ձեր առողջութեան համար

Մենք յաճախ շատ ժամանակ կը վատնենք մտածելով, թէ ինչպիսի սնունդ ստանալը ամենէն լաւն է, բայց արդեօք կը մտածե՞նք, թէ երբ է ուտելու ամենէն յարմար ժամանակը։ Այլ խօսքով՝ մենք յաճախ կը կեդրոնանանք այն բանի վրայ, թէ ո՞ր ուտելիքները առողջարար են, բայց հազուադէպ կը մտածենք, թէ ե՞րբ է զանոնք ուտելու ամենէն լաւ ժամանակը։ Գիտնականները այժմ կ՛ուսումնասիրեն, թէ…

Սէրը աշխատանքի հանդէպ կրնայ ամրապնդել ֆիզիքական առողջութիւնը, կ՛ըսեն գիտնականները

Ալպերթայի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ այն աշխատակիցները, որոնք անկեղծօրէն կը սիրեն իրենց աշխատանքը, կը ցուցաբերեն ֆիզիքական առողջութեան աւելի լաւ ցուցանիշներ, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորեն մտատանջութեան եւ ընկճախտի աւելի ցած մակարդակներ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Human Resource Management (HRM) գիտական ամսագրին մէջ։ Գիտնականները ութ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին հետեւած են աւելի քան 1,800 մասնակիցներու ֆիզիքական եւ հոգեկան…

Ամերիկացի գիտնականները կ՛աշխատին թոքի վարակներու դէմ համընդհանուր պատուաստի վրայ

Ամերիկացի գիտնականները քիթի «սփրէյ»-ի տեսքով նոր պատուաստ կը պատրաստեն, որ ունակ կրնայ ըլլալ պաշտպանելու օրկանիզմը «կրիփ»-ի բոլոր տեսակներէն, ցրտահարութենէն, թոքային մանրէային վարակներէն եւ նոյնիսկ «ալերժի»-ի որոշ տեսակներէն, կը յայտնէ BBC-ն: Սթենֆորտի համալսարանի գիտնականները արդէն իսկ փորձարկած են իրենց «համընդհանուր պատուաստը» անասուններու վրայ, սակայն այժմ անհրաժեշտ է զայն փորձարկել մարդոց վրայ։ Գիտնականները կ՛ըսեն, որ անոնք կ՛որդեգրեն…