Ամերիկացի գիտնականները քիթի «սփրէյ»-ի տեսքով նոր պատուաստ կը պատրաստեն, որ ունակ կրնայ ըլլալ պաշտպանելու օրկանիզմը «կրիփ»-ի բոլոր տեսակներէն, ցրտահարութենէն, թոքային մանրէային վարակներէն եւ նոյնիսկ «ալերժի»-ի որոշ տեսակներէն, կը յայտնէ BBC-ն:
Սթենֆորտի համալսարանի գիտնականները արդէն իսկ փորձարկած են իրենց «համընդհանուր պատուաստը» անասուններու վրայ, սակայն այժմ անհրաժեշտ է զայն փորձարկել մարդոց վրայ։
Գիտնականները կ՛ըսեն, որ անոնք կ՛որդեգրեն արմատապէս տարբեր մօտեցում աւանդական պատուաստաներէն, որոնք կ՛օգտագործուին աւելի քան 200 տարի։
Այս ոլորտի մասնագէտները հետազօտութեան արդիւնքները իսկապէս տպաւորիչ կը նկատեն, թէեւ աշխատանքը տակաւին նախնական փուլին մէջ է։ Անոնք կը յուսան, որ այս պատուաստը կրնայ կարեւոր յառաջընթաց ըլլալ վերոնշեալ հիւանդութիւններուն դէմ պայքարին մէջ։
Ներկայիս պատուաստները կը «սորվեցնեն» մեր օրկանիզմին պայքարիլ յստակ վարակներու դէմ։ Օրինակ՝ կարմրուկի դէմ պատուաստումը կը պաշտպանէ միայն այդ հիւանդութենէն, ինչպէս նաեւ ջրծաղիկի կամ այլ ժահրի դէմ պատուաստումը։ Դիմադրողական պաշտպանութեան ձեւաւորումը հիմնուած է այս սկզբունքին վրայ այն ժամանակներէն ի վեր, երբ անիկա առաջին անգամ կիրառուեցաւ բրիտանացի բժիշկ Էտուարտ Ճեննըրի կողմէ 18-րդ դարի վերջաւորութեան։ Սակայն,Science ամսագրի հեղինակներու նկարագրած մօտեցումը չ՛ենթադրեր դիմադրողական համակարգի «ուսուցում»։ Փոխարէնը, այս մօտեցումը կ՛ընդօրինակէ այն սկզբունքները, որոնցմով դիմադրողական բջիջները տեղեկատուութիւն կը փոխանակեն իրարու հետ։
Պատուաստը կը կիրառուի քիթի «սփրէյ»-ի ձեւով, ինչ որ կը նպաստէ, որ թոքերուն մէջ գտնուող սպիտակ արեան բջիջները (որոնք կը կոչուին մաքրոֆակներ) մնան պատրաստ՝ գործելու համար։ Որպէս արդիւնք անոնք կ’արձագանգեն՝ անկախ այն բանէն, թէ որ յատուկ վարակը կը փորձէ մուտք գործել մարմին։
Անասուններու վրայ կատարուած փորձարկումներուն ընթացքին այս պատուաստը արդիւնաւէտ մնացած է մօտաւորապէս երեք ամիս։ Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ «մաքրոֆակ-ներու բարձր «պատրաստուածութիւն»-ը զգալիօրէն նուազեցուցած է թոքերու միջոցով օրկանիզմ ներթափանցող ժահրերու քանակը․ արձանագրուած մակարդակները 100-էն մինչեւ 1,000 անգամ աւելի ցած եղած են։ Սթենֆորտ համալսարանի դիմադրողական համակարգի մասնագէտ եւ մանրէաբանութեան դասախօս Պալի Փուլենտրանը նշած է, որ նոյնիսկ երբ որոշ ժահրեր կը յաջողէին ներթափանցել օրկանիզմ, դիմադրողական համակարգը կը գտնուէր «ամբողջական պատրաստ վիճակի մէջ՝ կայծակնային արագութեամբ յարձակումին հակադարձելու համար»։
Հետազօտական խումբը նաեւ բացայայտած է, որ նոր պատուաստը կ՚օգնէ պաշտպանուելու երկու տեսակի մանրէներէն՝ Staphylococcus aureus եւ Acinetobacter baumannii, որոնք պատճառ կը դառնան հիւանդանոցային ծագում ունեցող բազմաթիւ վարակներու։
«Այս պատուաստը, որ մենք կը կոչենք համընդհանուր, կը խթանէ շատ աւելի լայն դիմադրողական արձագանգ օրկանիզմին մէջ եւ կը պաշտպանէ ոչ միայն «կրիփ»-ի ժահրէն, COVID-19-էն կամ սովորական ցրտահարութենէն, այլեւ՝ մեր փորձարական արդիւնքներուն համաձայն՝ գրեթէ բոլոր ժահրերէն, բազմաթիւ տարբեր մանրէներէն եւ նոյնիսկ «ալերժի»-ներէն», յայտնած է Փուլենտրանը BBC-ին։
Դիմադրողական համակարգի գործունէութեան փոփոխութիւնները, ըստ ամենայնի, կը ստիպեն անոր աւելի քիչ զգայուն ըլլալ այն «ալերկեն»-ներուն (allergens) նկատմամբ, որոնք առկայ են փոշիի մէջ եւ կրնան յառաջացնել «ալերժիք ասթմա» (allergic asthma)։
«Ասիկա իսկապէս տպաւորիչ ուսումնասիրութիւն մըն է», ըսած է Տանիելա Ֆերրեյրան՝ Օքսֆորտի համալսարանի պատուաստանիւթագիտութեան (vaccinology) դասախօս, որ չէր մասնակցած Սթենֆորտի գիտնականներու աշխատանքին։
Անոր համաձայն՝ այս աշխատանքը «կրնայ փոխել այն սկզբունքները, որոնցմով մենք կը պաշտպանենք մարդոց ցրտահարութենէն եւ շնչառական այլ վարակներէն», եթէ արդիւնքները հաստատուին մարդոց մասնակցութեամբ փորձարկումներու ընթացքին։ Ան աւելցուցած է, որ հետազօտութեան առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ հեղինակները յստակ կերպով բացատրած են, թէ ճիշդ ինչ ձեւով կը գործէ նոր պատուաստը։
Ֆերրեյրան կը կարծէ, որ Սթենֆորտի հետազօտութիւնը «կրնայ նշանակալի յառաջընթաց ըլլալ» եւ օգնել պաշտպանելու մարդոց վարակներէն։ Այնուամենայնիւ, տակաւին կան բազմաթիւ հարցումներ, որոնք կը մնան անպատասխան։
Փորձարկումներուն ընթացքին պատուաստը տրուած է քիթի «սփրէյ»-ի ձեւով, սակայն մարդոց պարագային հնարաւոր է, որ անհրաժեշտ ըլլայ կիրառել «նեպիւլայզըր»-ներ՝ (nebulizers – բժշկական գործիք, որ հեղուկ դեղը կը ձեւափոխէ նուրբ մշուշի, որպէսզի հիւանդը զայն շնչէ եւ դեղը ուղղակի հասնի թոքերուն) ապահովելու համար, որ անիկա հասնի մարդու թոքերուն։
Տակաւին յայտնի չէ, թէ արդեօք մարդու օրկանիզմը նոյն ձեւով պիտի արձագանգէ՞, կամ որքան ժամանակ դիմադրողական համակարգը պիտի մնայ բարձր պատրաստուածութեան վիճակի մէջ։ Մարդոց եւ մուկերու դիմադրողական համակարգերը կը տարբերին իրարմէ՝ մասամբ այն պատճառով, որ մարդկային պաշտպանական կարողութիւնը կը ձեւաւորուի տասնամեակներու ընթացքին՝ վարակներու հետ շփման հետեւանքով։
Այժմ, հետազօտողները կը յուսան իրագործել փորձարկումներ, որոնց ընթացքին մարդիկ նախ պիտի ստանան պատուաստը, ապա՝ ժահրը, որպէսզի ստուգուի, թէ ինչպէս կ՛արձագանգէ օրկանիզմը։ Հնարաւոր է նաեւ, որ դիմադրողական համակարգի աւելի բարձր կամ աշխոյժ աշխատանքը, այսինքն՝ անոր բնական գործառոյթի խախտումը, կրնայ հետեւանքներ ունենալ մարդոց համար եւ յառաջացնել պաշտպանական համակարգին առնչուող խանգարումներ։
«Ասիկա կրնայ նուազեցնել մահացութիւնը, հիւանդութիւնը դարձնել աւելի մեղմ եւ նաեւ՝ ամրապնդել դիմադրողականութիւնը եւ արագ վերականգնուելու կարողութիւնը։ Արդիւնքները կրնան չափազանց նշանակալի ըլլալ», ըսած է Փուլենտրանը։
Ան կը նկարագրէ այսպիսի պատուաստի կիրառման մէկ այլ հնարաւորութիւն․ ձմրան սկիզբը, երբ եղանակային սովորական ժահրերը կը սկսին տարածուիլ, «կարելի է պատկերացնել նմանօրինակ «սփրէյ»-ի մը գործածութիւնը, որ պիտի ստեղծէ երկարատեւ դիմադրողական պաշտպանութիւն»։

