Քալկարիի համալսարանի հետազօտողները հաղորդած են կարեւոր բացայայտումի մը մասին, որ կրնայ մեծ յառաջընթաց նշանակել հաստ եւ ուղիղ աղիքներու քաղցկեղի բուժման մէջ. մէկ ծինի հեռացումը կրնայ ուռուցքային բջիջները «տեսանելի» դարձնել դիմադրողական համակարգին համար եւ զգալիօրէն բարելաւել իմունաբուժութեան արդիւնաւէտութիւնը։
Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է Cell Reports Medicine գիտական ամսագրին մէջ, ղեկավարած է դոկտ. Արշատ Այյազը՝ (Arshad Ayyaz) Կենսաբանական Գիտութիւններու Բաժանմունքէն եւ Արնի Շարպոնօն Քաղցկեղի Հետազօտական Հիմնարկէն (Arnie Charbonneau) ։
Հետազօտողներուն համաձայն, դիմադրողական համակարգի միջոցով բուժումը (immunotherapy), որ կը «վարժեցնէ» հիւանդին դիմադրողական համակարգը՝ քաղցկեղային բջիջները ճանչնալու եւ ոչնչացնելու համար, զգալի յաջողութիւն արձանագրած է քաղցկեղի բազմաթիւ տեսակներու պարագային։ Սակայն հաստ եւ ուղիղ աղիքներու քաղցկեղին մէջ անիկա արդիւնաւէտ է պարագաներուն 15 առ հարիւրին մօտ միայն։
Հետազօտական խումբը բաղդատած է բուժման արձագանգող եւ բուժման նկատմամբ դիմադրութիւն ցուցաբերող ուռուցքներու ծինային յատկութիւնները եւ յայտնաբերած է դիմադրողական համակարգէն խուսափելու նախապէս չյայտնաբերուած «մեքանիզմ» մը։
Բուժման նկատմամբ դիմադրութիւն ցուցաբերող ուռուցքներուն մէջ գիտնականները յայտնաբերած են սպիտակուց մը, որ ըստ էութեան կը մոլորեցնէ դիմադրողական համակարգը՝ կանխարգիլելով անոր ճանչնալ քաղցկեղային բջիջները։ Հետազօտողները այս «մեքանիզմ՛ը կը նկարագրեն որպէս ուռուցքի «քօղարկումի» (camouflage) ձեւ մը։
«Մենք մտածեցինք, թէ ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ դադրեցնէինք այս սպիտակուցին արտադրութիւնը», – բացատրած է Այյազը։
Ծինայինօրէն ձեւափոխուած քաղցկեղային բջիջներ օգտագործելով՝ հետազօտողները անջատած են այն ծինը, որ պատասխանատու էր այդ սպիտակուցին արտադրութեան համար։ Երբ ծինը ապաշխուժացուած է, ուռուցքային բջիջները դարձած են «տեսանելի» դիմադրողական համակարգին համար։
Երբ այս մօտեցումը մուկերու մօտ համադրուած է դիմադրողական համակարգի միջոցով բուժման հետ, ուռուցքները ամբողջովին վերացած են, իսկ բուժման արձագանգման մակարդակը հասած է 100 առ հարիւրի։
«Սկիզբը գրեթէ չէի կրնար հաւատալ։ Ընդամէնը մէկ ծին անջատեցինք, եւ արդիւնքը ամբողջութեամբ յստակ էր», – ըսած է հետազօտողը։
Նոյնիսկ առանց լրացուցիչ դիմադրողական համակարգի միջոցով բուժման, ուռուցքները փոքրացած են, որովհետեւ կորսնցուցած են մարմնի բնական դիմադրողական պաշտպանական համակարգէն թաքնուելու իրենց կարողութիւնը։
Հետազօտութեան հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ այս արդիւնքները տակաւին «նախաքլինիքական» (preclinical) փուլին մէջ են, եւ կրնայ տարիներ պահանջուիլ, մինչեւ որ այս ռազմավարութիւնը հասնի բժշկական գործնական կիրառութեան։ Այնուամենայնիւ, այս մօտեցումը կրնայ ապագային կիրառելի ըլլալ նաեւ այլ ուռուցքներու պարագային, ներառեալ ենթաստամոքսային գեղձի եւ թոքի քաղցկեղները։

