Քաղցկեղի հետազօտութեան մէջ նոր յառաջընթաց. մէկ ծինի ապաշխուժացումը ուռուցքները կը բացայայտէ դիմադրողական համակարգին առջեւ

Քալկարիի համալսարանի հետազօտողները հաղորդած են կարեւոր բացայայտումի մը մասին, որ կրնայ մեծ յառաջընթաց նշանակել հաստ եւ ուղիղ աղիքներու քաղցկեղի բուժման մէջ. մէկ ծինի հեռացումը կրնայ ուռուցքային բջիջները «տեսանելի» դարձնել դիմադրողական համակարգին համար եւ զգալիօրէն բարելաւել իմունաբուժութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է Cell Reports Medicine գիտական ամսագրին մէջ, ղեկավարած է դոկտ. Արշատ Այյազը՝ (Arshad Ayyaz) Կենսաբանական…

Ինչո՞ւ մանրաթելը օգտակար է ձեր ընդհանուր առողջութեան համար

Վերջերս մանրաթելը (fiber) մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանայ առողջապահական լուրերուն մէջ։ Բայց ի՞նչ է սննդային մանրաթելը, եւ ինչո՞ւ անիկա կարեւոր է ընդհանուր առողջութեան համար։ Սննդային մանրաթելը բուսական ծագում ունեցող մթերքներու այն բաղադրիչն է, որ օրկանիզմը չի կրնար մարսել կամ քայքայել։ Ի տարբերութիւն սպիտակուցներու, ճարպերու եւ պարզ ածխաջուրերու, մանրաթելը գրեթէ անփոփոխ կ՚անցնի մարսողական համակարգէն։ Որովհետեւ մարմինը չի կրնար…