Կաթուածը կը շարունակէ մնալ լուրջ հաշմանդամութեան եւ մահուան գլխաւոր պատճառներէն մէկը, սակայն ախտանշանները արագ ճանչնալը եւ անմիջապէս բժշկական օգնութեան դիմելը կրնան զգալիօրէն բարելաւել արդիւնքները։ «Մայօ քլինիք»ի (Mayo Clinic) մասնագէտները կը շեշտեն, որ կաթուածի նախազգուշացնող նշաններուն ծանօթ ըլլալը եւ արագ շարժիլը կամ գործելը կրնան փրկել ուղեղի գործառոյթը եւ կեանքեր։
«Կաթուածի բուժման պարագային «ժամանակը ուղեղ է» (Time is brain)», երբ բառացիօրէն կ՛ըսենք, կ’ըսէ Ժոզեֆին Հուանկը (Josephine Huang), «Մայօ քլինիք»ի նեարդաբան մը, այսինքն՝ ամէն մէկ վայրկեանը վճռորոշ է եւ կրնայ փրկել կամ կորսնցնել ուղեղի գործառոյթը։ «Որքան շուտ անձ մը բժշկական օգնութիւն ստանայ, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ երկարաժամկէտ հաշմանդամութիւնը նուազեցնելու եւ ապաքինումը բարելաւելու հաւանականութիւնը»։
Կաթուածը կը պատահի, երբ արիւնի հոսքը դէպի ուղեղ կ՛ընդհատուի՝ կամ զարկերակի մը խցումին, կամ ալ ուղեղին մէջ արիւնազեղման պատճառով։ «Մայօ քլինիք»ի մասնագէտները կ’ըսեն, որ կաթուածի երկու տեսակներն ալ կը պահանջեն անյապաղ բժշկական գնահատում, որովհետեւ շուտափոյթ բուժումը կրնայ զգալիօրէն աւելցնել լիարժէք վերականգնման հաւանականութիւնը եւ սահմանափակել մնայուն հետեւանքները։
Ախտանշաններ
Կաթուածի ախտանշանները յաճախ յանկարծակի կ’երեւին եւ կրնան ներառել դէմքի մէկ կողմին կախուիլը, բազուկի կամ ոտքի տկարութիւնը, խօսքի աղաւաղումը, լեզուական դժուարութիւնները, տեսողութեան խանգարումները, գլխապտոյտը կամ հաւասարակշռութեան կորուստը։ «Մայօ քլինիք»ի մասնագէտները հանրութիւնը կը քաջալերեն յիշելու «արագ շարժեցէք» կամ «արագ եղէք» (BE FAST) յապաւումը.
• B — Հաւասարակշռութիւն (Balance)․ հաւասարակշռութեան կամ շարժումներու համակարգման յանկարծակի կորուստ․
• E — Աչքեր (Eyes)․ տեսողութեան յանկարծակի խանգարում կամ տեսողութեան կորուստ մէկ կամ երկու աչքերուն պարագային․
• F — Դէմքին մէկ կողմ կախուիլը (Face drooping)․ դէմքի մէկ կողմի անհաւասարութիւն կամ կը թմրութիւն․
• A — Բազուկի տկարութիւն (Arm weakness)․ մէկ բազուկին մէջ յանկարծակի տկարութիւն կամ թմրութիւն․
• S — Խօսքի դժուարութիւն (Speech difficulty)․ խօսելու կամ ուրիշներու խօսքը հասկնալու դժուարութիւն․
• T — Ժամանակ (Time): Անմիջապէս շտապ բժշկական օգնութիւն հայթայթեցէք, որովհետեւ ամէն մէկ վայրկեանը վճռորոշ է։
Բուժում
Արագ բուժումը կրնայ վերականգնել արիւնի հոսքը դէպի ուղեղ եւ նուազեցնել մնայուն վնասուածքը։ «Մայօ քլինիք»ի մասնագէտները կը շեշտեն, որ շտապ բժշկական գնահատումը պէտք է սկսի ախտանշաններուն ի յայտ գալէն անմիջապէս ետք, ոչ թէ անոնց սաստկանալէն կամ անհետանալէն յետոյ։ Եթէ կաթուածը արիւնային թանձրացումի պատճառով է, բժիշկները կրնան օգտագործել թանձրացումը լուծող դեղեր կամ կատարել նուազագոյն միջամտութիւն պահանջող ընթացակարգեր, որպէսզի հեռացնեն այդ մէկը եւ ուղեղին մէջ խցուած արիւնատար անօթները վերաբանան։
«Ասոնք այն են, որ մենք կը կոչենք ներզարկերակային (endovascular) միջամտութիւններ», կ’ըսէ Ժոզեֆին Հուանկը։ «Բժիշկները բարակ լար մը (guidewire) կ’անցընեն արիւնատար անօթի մը միջով՝ թանձր արիւնը (blood clot) հեռացնելու եւ դէպի ուղեղ արիւնի հոսքը վերականգնելու համար»։
Ուղեղին մէջ արիւնահոութեան պատճառով յառաջացած «հեմոռաճիկ» (hemorrhagic) կաթուածներու պարագային, բուժումը կեդրոնացած կ՛ըլլայ արեան ճնշումը վերահսկելու, անհրաժեշտութեան պարագային արիւնը նօսրացնող դեղերուն ազդեցութիւնը հակադարձելու, իսկ որոշ պարագաներու՝ վիրաբուժական միջամտութեամբ ուղեղին վրայ գործադրուող ճնշումը թեթեւցնելու վրայ։
Կանխարգիլում
Որոշ վտանգի գործօններ կրնան աւելցնել կաթուածի վտանգը, ներառեալ՝ արեան բարձր ճնշումը, շաքարախտը, ծխելը, գիրութիւնը, բարձր «քոլեսթերոլ»ը, նստակեաց ապրելակերպը եւ նախասրտային անկանոն տատանումը (atrial fibrillation)։ «Մայօ քլինիք»ի մասնագէտները կը նշեն, որ կաթուածներուն մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը կարելի է կանխարգիլել՝ վերոնշեալ վտանգի գործօնները վերահսկելով եւ առողջ ապրելակերպ որդեգրելով։
Մասնագէտները կը քաջալերեն կանոնաւոր առողջապահական զննումներու մասնակցիլը, ֆիզիքական գործունէութիւն ունենալը եւ առողջ սննդային սովորութիւններ որդեգրելը՝ կաթուածի վտանգը նուազեցնելու համար։ «Այս վտանգի գործօնները յայտնաբերելը եւ անոնց պատշաճ բուժումը ապահովելը մեծ ներդրում կ՛ունենայ կաթուածի յառաջացումը կանխելու գործին մէջ», կ՛ըսէ տոքթոր Հուանկը։

