Մայօ Քլինիքի բժիշկները կը ջանան փոխել թէ՛ բժիշկներուն, թէ՛ հիւանդներուն մտածելաձեւը ծերացման մասին։ Mayo Clinic Proceedings ամսագրին մէջ վերջերս հրատարակուած յօդուած մը կը ներկայացնէ «առողջ կեանքի տեւողութեան» (healthspan) նոր հասկացողութիւն մը՝ այն տարիները, որոնց ընթացքին մարդը կ՚ապրի առողջ, կը պահպանէ իր ֆիզիքական եւ մտային կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ անկախութիւնը։ Յօդուածը, որուն համահեղինակներն են Մայօ Քլինիքի ներքին հիւանդութիւններու եւ ծերաբուժութեան մասնագէտ բժիշկ՝ Քրիսթինա Չէնը (M.D.) եւ բժիշկ Սարա Պոնզը (M.D.), կ՚ընդգծեն, թէ աւելի երկար ապրիլը անպայմանօրէն չի նշանակեր աւելի լաւ ապրիլ։ Անոնք նաեւ կը քննարկեն, թէ առողջ կեանքի տեւողութեան վրայ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելը ինչպէս կրնայ փոխել բժշկական խնամքի մօտեցումը։ Այստեղ բժիշկ Չէն կը խօսի այս հետազօտութեան եւ անոր նշանակութեան մասին՝ թէ՛ հիւանդներուն, թէ՛ առողջապահութեան մասնագէտներուն համար։
Ի՞նչ է «առողջ կեանքի տեւողութիւնը» (healthspan), եւ ինչո՞վ կը տարբերի անիկա կեանքի տեւողութենէն կամ երկարակեցութենէն
Հիւանդները յաճախ կ՚ըսեն. «Կ՚ուզեմ 100 տարեկան ապրիլ», եւ ասիկա իսկապէս իմաստալից նպատակ մըն է։ Սակայն աւելի երկար ապրիլը միշտ չի նշանակեր աւելի լաւ ապրիլ։
«Առողջ կեանքի տեւողութիւն»ը կը վերաբերի՝ այդ տարիներուն ընթացքին որքան առողջ եւ ինքնուրոյն ապրելու ունակութեան, լաւ պահպանելու ձեր մտածողութեան յստակութեան եւ կեանքի լաւ որակին։ Անիկա ուշադրութիւնը շեղելով տարիներու թիւը միայն աւելցնելէն, կը դարձնէ այն բանին վրայ, որ այդ տարիները իսկապէս արժէքաւոր եւ իմաստալից ըլլան։
Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը այսօր առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի
Բժիշկները մեծ յաջողութիւն ունեցած են կեանքի տեւողութիւնը երկարաձգելու մէջ, սակայն այդ յաւելեալ տարիներուն որակը պահպանելու առումով նոյնքան յաջող չեն եղած։
Մեր ամէնօրեայ բժշկական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ շատ մարդիկ աւելի երկար կ՚ապրին՝ ունենալով քրոնիկ հիւանդութիւններ, սահմանափակ շարժունակութիւն, մտային կարողութիւններու նուազում եւ ուրիշներէ կախեալ ըլլալու զարգացում։ Աւելի երկար ապրած տարիներուն եւ առողջ ու լիարժէք ապրած տարիներուն միջեւ եղած այս տարբերութիւնը հետզհետէ կ՚աւելնայ, եւ առողջապահութեան մասնագէտները ամէն օր կը տեսնեն այս իրականութիւնը։
Ի՞նչ կը վրիպի առողջապահութեան մասնագէտներէն՝ այսօրուան խնամքի մօտեցումին մէջ
Երբ աւելի երկար ապրիլը նոյնացնենք աւելի լաւ ապրելուն հետ, բժշկական խնամքը կրնայ չափազանց կեդրոնանալ միայն հիւանդութեան վրայ։ Այդ պարագային բաւարար ուշադրութիւն չենք դարձներ մարդու գործունակութեան, մտային առողջութեան, տան մէջ ինքնուրոյն ապրելու կարողութեան եւ այն բոլոր բաներուն, որոնք հիւանդները ամենէն շատ կը գնահատեն։
Աւանդական չափանիշները, ինչպէս տարրալուծարանային քննութիւններու արդիւնքները կամ գոյատեւման ցուցանիշները, մեզի չեն ըսեր, թէ արդեօք մարդը կրնա՞յ ինքնուրոյն կատարել իր ամէնօրեայ գործերը, պահպանել իր ընկերային կապերը կամ ապահով ու անկախ կերպով շարունակել ապրիլ։ Ահա՛ այս է բժշկութեան մէջ յաջողութիւնը սահմանելու մեր մօտեցումին կարեւոր բացը։
Ինչպէ՞ս կարելի է առողջ կեանքի տեւողութիւնը գնահատել ամէնօրեայ բժշկական աշխատանքին մէջ
Առողջ կեանքի տեւողութիւնը գործնական արժէք կը ստանայ, երբ հետեւողական կերպով սկսինք գնահատել նաեւ այլ կարեւոր ոլորտներ, ինչպէս՝ ֆիզիքական գործունակութիւնը, մտային առողջութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը։
Այս նպատակով արդէն գործնական միջոցներ ունինք՝ օրինակ՝ քալելու արագութիւնը չափելը, բռնելու (ձեռքի) ուժը, հաւասարակշռութեան փորձարկումը, մտային կարողութիւններու զննումը եւ հիւանդներուն կողմէ ներկայացուած արդիւնքները։ Այս բոլորը գիտականօրէն հաստատուած չափանիշներ եւ գնահատման միջոցներ են, որոնք կարելի է ներառել ամէնօրեայ բժշկական խնամքին մէջ եւ որոնք շատ աւելի յստակ պատկեր կու տան այն մասին, թէ հիւանդները իրականութեան մէջ ինչ վիճակի մէջ են։
Երբ այս բոլորին հետ մէկտեղ առաջնահերթութիւն տանք նաեւ այս ոլորտներուն հետեւողական գնահատումին եւ մտածուած կանխարգելիչ խնամքին, կրնանք ժամանակի ընթացքին հետեւիլ անոնց փոփոխութիւններուն եւ այդ տեղեկութիւնները օգտագործել բժշկական որոշումներ կայացնելու համար՝ այնպիսի ձեւով, որ համապատասխանեն հիւանդներուն համար ամենէն կարեւոր առաջնահերթութիւններուն։
Առողջ կեանքի տեւողութեան վրայ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելը ինչպէ՞ս կրնայ փոխել հիւանդներու բժշկական խնամքը
Առողջ կեանքի տեւողութեան վրայ կեդրոնացած մօտեցումը բժշկական խնամքի նպատակը կը փոխադրէ դէպի այն, որ հիւանդները կարելի եղած չափով երկար պահպանեն իրենց ինքնուրոյնութիւնը, շարժունակութիւնը եւ մտային յստակութիւնը։
Այս մօտեցումը նաեւ կը փոխէ հիւանդներուն հետ մեր հաղորդակցութեան ձեւը։ Փոխանակ միայն հիւանդութեան բուժման վրայ կեդրոնանալու, կրնանք բժշկական խնամքը կազմակերպել այնպէս, որ նպատակ ունենայ պահպանելու գործունակութիւնը, մտային կարողութիւնները եւ ընդհանուր բարեկեցութիւնը, որպէսզի մարդիկ կարենան արժանապատիւ եւ լիարժէք կեանք ապրիլ։ Փոփոխութեան ենթարկուած այս մօտեցումը կ՚օգնէ, որ հիւանդները աւելի լաւ հասկնան բժշկական յանձնարարութիւններուն նպատակը եւ աւելի աշխուժօրէն մասնակցին անոնց խնամքին։
Հիւանդները եւ առողջապահութեան մասնագէտները ի՞նչի մասին պէտք է տարբեր ձեւով մտածեն
Կրնանք սկսիլ փոխելով մեր զրոյցները․ ամէն ինչ կը սկսի մեր գործածած բառերէն։ Փոխանակ միայն հարցնելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կեանքը երկարաձգել, կրնանք հարցնել՝ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել, որ հիւանդները լաւ եւ լիարժէք ապրին, ի՞նչ են անոնց նպատակները, եւ ինչպէ՞ս կրնանք աջակցիլ, որպէսզի հասնին այդ նպատակներուն։
Ասիկա կը ներառէ նաեւ ամէնօրեայ գործերը ինքնուրոյն կատարելու, ընկերային կապերը պահպանելու եւ անկախ կերպով ապրելու կարողութիւնը պահպանելը։ Բժշկական խնամքին մասին մեր խօսելու ձեւին մէջ կատարուած նոյնիսկ փոքր փոփոխութիւնները կրնան օգնել, որ հիւանդները տեսնեն, թէ նպատակը միայն երկարակեցութիւնը չէ, այլ՝ կեանքը որակով, արժանապատուութեամբ եւ նպատակասլացութեամբ ապրիլը։
Որո՞նք են այս հետազօտութեան յաջորդ քայլերը
Մեր նպատակը առողջ կեանքի տեւողութիւնը այնպիսի ցուցանիշի վերածելն է, որ կարելի ըլլայ զայն գնահատել եւ ժամանակի ընթացքին հետեւիլ անոր` ամէնօրեայ բժշկական աշխատանքին մէջ։ Եթէ յաջողինք այդ ընել, պիտի կարենանք բժշկական խնամքը աւելի լաւ համապատասխանեցնել այն արդիւնքներուն, որոնք իսկապէս ազդեցութիւն կ՚ունենան հիւանդներուն կեանքին վրայ։
Յաջորդ քայլերը կը ներառեն առողջ կեանքի տեւողութիւնը գնահատելու միասնական չափանիշներու մշակումը, զանոնք բժշկական տարբեր մասնագիտութիւններուն մէջ ներդնելը եւ այնպիսի խնամքի մօտեցումներու մշակումը, որոնք առաջնահերթութիւն կու տան գործունակութեան, ինքնուրոյնութեան եւ կեանքի երկարաժամկէտ որակին։

