Տաք եղանակին մարմինը աւելի շատ ջուր կը կորսնցնէ քրտնարտադրութեան միջոցով, որովհետեւ կը փորձէ պահպանել իր բնական ջերմաստիճանը։ Նոյնիսկ թեթեւ ջրազրկումը կրնայ ծարաւի զգացում յառաջացնել, ինչ որ մեզի կը մղէ աւելի յաճախ ըմպելիք փնտռելու։ Բացի ատկէ, ջրազրկումը կը բարձրացնէ մարմնի ջուրի եւ «ելեկթրոլիտ»ներու պահանջը, մանաւանդ երբ երկար ժամանակ դուրս կը մնանք կամ ֆիզիքական աշխոյժ գործունէութիւն կ՛ունենանք։ Լաւագոյն ընտրութիւնը ջուրն է, իսկ պտուղները եւ բանջարեղէնները, որոնք հարուստ են ջուրով, նոյնպէս կ՛օգնեն օրկանիզմին լաւ ձեւով խոնաւ պահելու։ Իսկ շաքարով հարուստ ըմպելիքները եւ ոգելից խմիչքները չափազանց օգտագործելու պարագային կրնան չնպաստել պատշաճ խոնաւացման եւ նոյնիսկ աւելցնել ջուրի կորուստը։
Օքսֆորտի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ շաքար պարունակող ըմպելիքներու յաճախակի գործածութիւնը կը բարձրացնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են BMC Medicine ամսագրին մէջ։
Հետազօտութեան ընթացքին գիտնականները գնահատած են աւելի քան 100 հազար մարդու սննդային սովորութիւնները։ Անոնք ուսումնասիրած եւ վերլուծած են մասնակիցներու սննդականոնը՝ մասնաւորաբար, 206 տեսակի սնունդէն ու 32 տեսակի ըմպելիքէն ստացած ածխաջուրերը։
Հետազօտութիւնը երկարած է 9 տարի, որուն ընթացքին սրտի հիւանդութիւններ եւ ուղեղի կաթուած ախտորոշուած է գրեթէ 10 հազար կամաւորի մօտ։ Յաւելեալ ուսումնասիրութիւններէն եւ որոշ ճշգրտումներէ ետք գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ ածխաջուրերու ընդհանուր գործածութիւնը չ՛ազդեր սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութեան վրայ, սակայն ազատ շաքարի (այսինքն՝ ուտելիքներուն եւ ըմպելիքներուն աւելցուած, ինչպէս նաեւ մեղրին, օշարակներուն եւ պտղահիւթերուն մէջ գտնուող շաքարները) ստացումը սննդամթերքի այնպիսի տեսակներէն, ինչպէս՝ «կազաւորուած» քաղցր ըմպելիքները, պտղային հիւթերը եւ կաթնային «քոքթէյլ»ները, կապուած է սրտանօթային համակարգի բոլոր հիւանդութիւններու զարգացման բարձր հաւանականութեան հետ։
Մասնաւորաբար, ազատ շաքարէն ստացուած «էներժի»ի (քալորիներու) իւրաքանչիւր 5 առ հարիւրը կը բարձրացնէ ուղեղի կաթուածի վտանգը 10 առ հարիւրով, իսկ սրտի հիւանդութիւններու վտանգը՝ 6 առ հարիւրով։

