Սաստիկ տաք եղանակին շատերու ախորժակը զգալիօրէն կը նուազի, եւ նոյնիսկ տաք կերակուրի մասին միտքը կրնայ անհաճոյ թուիլ։ Ասիկա պարզապէս նախասիրութեան հարց չէ, այլ մարմինին ջերմակարգաւորման (thermoregulation) բարդ համակարգին արդիւնքնէ։ The Conversation-ին համաձայն՝ երբ ջերմաստիճանը կը բարձրանայ, մարմինը իր ուժերը աւելի կը յատկացնէ պաղելուն, քան մարսողութեան։
Մարմինին հիմնական նպատակն է ներքին ջերմաստիճանը շուրջ 37°C-ի (98.6°F) սահմաններուն մէջ պահել։ Այս գործընթացը կը վերահսկէ «հիփոթալամուս»ը՝ (hypothalamus) ուղեղին ջերմակարգաւորման կեդրոնը։ Երբ մարմինը կը սկսի չափազանց տաքնալ, գործի կը դրուին զովացումի տարբեր «մեքանիզմ»ներ, որոնցմէ են՝ աւելի առատ քրտնարտադրութիւնը, արեան հոսքի բաշխումի փոփոխութիւնները եւ մարմինին մէջ լրացուցիչ ջերմութիւն արտադրող գործունէութիւններու նուազեցումը։
Տաք եղանակին արիւնը կ՚ուղղուի դէպի մորթը, որպէսզի օգնէ ջերմութիւնը դուրս նետելու՝ դէպի շրջապատ։ Իբրեւ հետեւանք, մարսողական համակարգին աւելի քիչ արիւն կը հասնի։ Սովորական պայմաններու տակ, ուտելէ ետք արիւնին զգալի մասը կ՚ուղղուի դէպի մարսողական համակարգ՝ մարսողութեան եւ սննդարար նիւթերու ներծծման նպաստելու համար։ Սակայն, երբ մարսողական համակարգ հասնող արիւնին քանակը կը նուազի, մարսողութիւնը կը դանդաղի, իսկ ախորժակը բնականաբար կը նուազի։
Մարսողութեան համար պահանջուող այլ գործօն մըն է ուժանիւթը։ Սնունդը մարսելու, սննդարար նիւթերը ներծծելու եւ զանոնք մարմինին տարբեր մասեր փոխադրելու ընթացքին ջերմութիւն կ՚արտադրուի։ Երբ մարմինը չափազանց կը տաքնայ, անիկա կը փորձէ նուազեցնել ամէն գործընթաց, որ կրնայ աւելի բարձրացնել իր ներքին ջերմաստիճանը։ Հետեւաբար, մարսողական գործունէութիւնը կը նուազի։
Հորմոններ եւս կարեւոր դեր ունին։ Անօթութեան եւ յագեցուածութեան զգացողութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը կը կարգաւորեն այնպիսի հորմոններ, ինչպէս՝ «կրելին»ը (ghrelin), որ կը խթանէ ախորժակը ու «լեփթին»ը (leptin), «փեփթիտ YY»-ը (PYY) եւ «կլիւքակոնանման փեփթիտ-1»-ը (GLP-1), որոնք կը նպաստեն յագեցուածութեան զգացումին։ Հետազօտութիւնները ցոյց տան, որ տաքի ազդեցութիւնը կրնայ նուազեցնել «կրելին»ի մակարդակը եւ միաժամանակ զօրացնել յագեցուածութեան ազդակները։ Սակայն, այս ազդեցութիւնները միշտ նոյն ձեւով չեն արտայայտուիր եւ ինքնին ամբողջովին չեն բացատրեր ախորժակին նուազումը։
Անօթութեան եւ ծարաւին սերտ կապը եւս կարեւոր գործօն մըն է։ Այս երկու զգացողութիւններն ալ կը կարգաւորուին «հիփոթալամուս»ին կողմէ եւ յաճախ կրնան իրարու հետ շփոթուիլ։ Բարձր ջերմաստիճանի պայմաններուն մարմինը աւելի հեղուկ կը կորսնցնէ քրտինքի միջոցով, ինչ որ կ՚աւելցնէ ջուրի կարիքը։ Հետեւաբար, ուղեղը առաջնահերթութիւն կու տայ մարմինին հեղուկի պաշարներուն վերականգնման, ոչ թէ սնունդի ընդունման, ինչ որ աւելի եւս կը նուազեցնէ ախորժակը։
Բացի ատկէ, ջրազրկումը եւ մարմինին չափազանց տաքնալը կրնան դանդաղեցնել ստամոքսին դատարկումը, ինչ որ ուտելէ ետք կրնայ յագեցուածութեան եւ ծանրութեան զգացում ստեղծել։ Ասիկա կրնայ նուազեցնել առատ կերակուր ուտելու ցանկութիւնը։
Կարճ խօսքով, տաք եղանակին մարմինը կը փոխէ իր առաջնահերթութիւնները․ պաղիլը աւելի կարեւոր կը դառնայ, քան մարսողութիւնը։ Ախորժակի նուազումը, հետեւաբար, մարմինին խանգարման նշան չէ, այլ՝ համակերպելու արձագանգ մը։
Այնուամենայնիւ, բաւարար եւ հաւասարակշռուած սնունդը կը շարունակէ կարեւոր մնալ։ Տաք եղանակին աւելի թեթեւ եւ ջուրով հարուստ ուտելիքներ, ինչպէս՝ պտուղները, բանջարեղէնները, մածունը եւ այլ կաթնամթերքներ, սովորաբար աւելի դիւրութեամբ կը մարսուին։ Օրուան ընթացքին փոքր բաժիններով ուտելը կրնայ օգնել պահպանելու մարմինին ուժանիւթի մակարդակը՝ առանց չափազանց ջերմութիւն արտադրելու։
Բաւարար ջուր խմելը եւ կորսուած հանքային նիւթերու (electrolytes) փոխարինումը նոյնպէս կարեւոր են, յատկապէս երբ քրտնարտադրութիւնը առատ է։ Սպիտակուցը պէտք չէ ամբողջովին դուրս ձգել սննդականոնէն, սակայն աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ օրուան ընթացքին զայն փոքր բաժիններով օգտագործել։ Ընդհանուր առումով, միջերկրականեան սննդականոնին յատուկ թեթեւ կերակուրները կրնան աւելի համապատասխանել մարմինի կարիքներուն՝ սաստիկ տաք եղանակին։

