Արեան բարձր ճնշումը (hypertension) կրնայ ի յայտ գալ ամէն տարիքի մարդոց մօտ։ Կանուխ եւ միջին հասուն տարիքին մէջ անոր ընդհանրացած ըլլալը աշխարհի մէջ աճ կ՛արձանագրէ։ Լոնտոնի Mayo Clinic Healthcare-ի ընդհանուր բժիշկ եւ գործադիր առողջապահական բժիշկ տոքթ․ Պիանքա Պանտարա (Bianca Bandarra, M.B.B.S.) կը բացատրէ, թէ ապրելակերպի ո՛ր գործօնները կրնան բարձրացնել այս հիւանդութեան վտանգը եւ ինչո՛ւ կարեւոր է արեան բարձր ճնշումը կանուխ բուժելը։
Արեան բարձր ճնշումը տարածուած վիճակ մըն է, որ կ՛ազդէ մարմնի զարկերակներուն վրայ։ Երբ արեան բարձր ճնշում ունիք, արիւնը շարունակ չափազանց մեծ ուժով կը ճնշէ զարկերակներու պատերուն վրայ, որուն իբրեւ հետեւանք, սիրտը ստիպուած կ՛ըլլայ աւելի ծանր աշխատիլ՝ արիւնը մարմնին մէջ մղելու համար։
Չբուժուելու պարագային, արեան բարձր ճնշումը կը բարձրացնէ սրտի կաթուածի, սրտի տկարացման, ուղեղի կաթուածի եւ առողջական այլ լուրջ խնդիրներու վտանգը, ներառեալ՝ երիկամներու եւ աչքերու հարցերը, տկարամտութիւնը (dementia) եւ նիւթափոխանակային համախտանիշը՝ վիճակներու խումբ մը, որ կը բարձրացնէ շաքարախտի զարգացման վտանգը։
Արեան բարձր ճնշումը սովորաբար կը զարգանայ առանց ախտանշաններու
«Արեան բարձր ճնշումը կրնայ լուռ հիւանդութիւն մը ըլլալ․ մարդիկ կրնան զայն ունենալ՝ առանց անդրադառնալու այդ մասին», կ՛ըսէ տոքթ. Պանտարան։
«Եթէ արեան բարձր ճնշումը չբուժուի, տարիներու ընթացքին կրնայ վնասել արիւնատար անօթները եւ մարմնի զանազան գործարանները», կը բացատրէ ան։ «Այդ պատճառով կարեւոր է կանխարգիլման եւ կանուխ ախտորոշման հարցով կանխահաս քայլերու դիմել։ Արեան ճնշումը պարզօրէն չափելը կարեւոր զննումի միջոց մըն է։ Շաքարախտ, երիկամային հիւանդութիւն կամ արեան բարձր ճնշման ընտանեկան պատմութիւն ունեցող անձերը կրնան աւելի յաճախակի հսկողութեան կարիք ունենալ»։
Եթէ ձեր ընտանիքին մէջ արեան բարձր ճնշման պատմութիւն կայ՝ օրինակ, եթէ ձեր ծնողներէն մէկը կամ երկուքը արեան բարձր ճնշում ունին, խոհեմ քայլ մըն է կանխահաս մօտեցում որդեգրել եւ ձեր առողջապահական ծառայութիւն մատուցող խումբին հետ քննարկել, թէ արդեօք անհրաժե՞շտ է ամբողջացուցիչ միջոցներ ձեռք առնելը, ինչպէս՝ տան մէջ կանոնաւորաբար չափել ձեր արեան ճնշումը։
Մինչ արեան բարձր ճնշումը սովորաբար առանց ախտանշաններու կը զարգանայ, ոմանք կրնան նախազգուշացնող նշաններ նկատել, եթէ արեան ճնշումը շատ բարձրանայ, կ՛ըսէ տոքթ. Պանտարան։
«Արեան ճնշման շատ բարձր ցուցանիշները երբեմն կրնան կապուած ըլլալ գլխացաւի հետ, յատկապէս արեան ճնշման սաստիկ բարձրացման (հիփերթենսիւ ճգնաժամ – hypertensive crisis) ժամանակ», կ՛ըսէ ան։ «Ոմանք ալ կրնան իրենց աչքերուն ետեւը ճնշում կամ անհանգստութիւն զգալ»։
Աղօտ տեսողութիւն, կրծքացաւ, սրտի արագ կամ անկանոն բաբախում, քիթէն արիւնահոսութիւն, շնչարգելութիւն, ինչպէս նաեւ յոգնած զգալու եւ ընդհանուր վատառողջ վիճակի մէջ ըլլալու զգացում ալ կրնան ի յայտ գալ։ Սակայն այս ախտանշանները միայն արեան բարձր ճնշումին յատուկ չեն եւ կրնան այլ պատճառներ ալ ունենալ։ Եթէ այս ախտանշաններէն որեւէ մէկը ունենաք, յատկապէս եթէ անոնք նոր կամ սաստիկ են, առանց յապաղելու բժշկական օգնութեան դիմեցէք, կ՛ըսէ տոքթ. Պանտարան։
Ապրելակերպը կարեւոր դեր ունի
Ապրելակերպի բազմաթիւ գործօններ կրնան ազդել արեան բարձր ճնշում զարգացնելու վտանգին վրայ», կ՛ըսէ տոքթ. Պանտարան։
Վտանգը բարձրացնող գործօններէն են՝ գիրութիւնը կամ աւելորդ կշիռքը, ծխախոտի գործածութիւնը, ոգելից խմիչքներու օգտագործումը, բարձր մակարդակի ճնշուածութիւնը, չափազանց շատ աղի օգտագործումը, բաւարար քանակութեամբ «փոթասիում» չստանալը եւ բաւարար չափով ֆիզիքական շարժում չունենալը։
Վտանգը նուազեցնող գործօններէն են՝ կանոնաւոր ֆիզիքական մարզանքը, առողջ մարմնի կշիռքի հասնիլը եւ զայն պահպանելը, պտուղներով, բանջարեղէններով եւ ամբողջական հացահատիկներով հարուստ՝ սրտին օգտակար սննդականոնի մը հետեւիլը, ճնշուածութիւնը վերահսկելը, ծխախոտէն ու ոգելից խմիչքներէն խուսափիլը եւ բաւարար քնանալը։
«Կարգ մը մարդիկ կրնան բոլոր անհրաժեշտ քայլերը առնել եւ, այնուամենայնիւ, արեան բարձր ճնշում ունենալ», կ՛ըսէ տոքթ. Պանտարան։ «Ասիկա այն պատճառով է, որ ժառանգական գործօններն ալ իրենց դերը կը խաղան։ Սակայն մենք կրնանք քայլերու դիմել, որպէսզի վիճակը չվատթարանայ»։
Կանխել արեան բարձր ճնշումի զարգացումը
Բուժումը սովորաբար կը ներառէ առողջ ապրելակերպի հետեւիլը՝ նոյնիսկ անոնց համար, որոնց արեան բարձր ճնշումը ժառանգական գործօններ ունի, ինչպէս նաեւ՝ դեղորայքային բուժում։ Ընդհանուր առողջական վիճակը գնահատելու, օրկաններու վնասուածքը կամ անոր հետ կապուած այլ խնդիրներու առկայութիւնը ստուգելու համար կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ կատարել արիւնի եւ մէզի քննութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ սրտագրութիւն (electrocardiogram) ։
Անկախ անկէ, թէ որքան բարձր է ձեր վտանգի աստիճանը, տան մէջ կանոնաւորաբար արեան ճնշումը չափելը, սովորական առողջական զննումներուն զուգահեռ, ապահով եւ արդիւնաւէտ միջոց մըն է՝ ձեր սիրտ-անօթային առողջութեան հետեւելու համար։
«Գործածեցէ՛ք ճշգրտութիւնը հաստատուած՝ արեան ճնշումը չափելու գործիք մը՝ ձեր բազուկին համապատասխան չափի թեւակապով, եւ հետեւեցէ՛ք զայն չափելու ճիշդ եղանակին», կ՛ըսէ տոքթ. Պանտարան։ «Արեան բարձր ճնշումին մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելը՝ ձեզի, ձեր բարեկամներուն եւ ձեր ընտանիքին համար, կրնայ իսկապէս մեծ տարբերութիւն ստեղծել»։

