Դաշտանադադարի ազդեցութիւնը սրտի, ուղեղի եւ ոսկորներու առողջութեան վրայ

Դաշտանադադարը բնական անցում մըն է, որ կը նշէ կնոջ վերարտադրողական տարիներուն աւարտը։ Անիկա կը սահմանուի որպէս 12 անընդմէջ ամիսներ առանց դաշտանի։ Սակայն կան բացառութիւններ։ Արգանդը ազդող որոշ բժշկական միջամտութիւններ կամ «հորմոնալ» ծննդաբերութեան վերահսկման որոշ միջոցներ կրնան դադրեցնել ամսական արիւնահոսութիւնը, նոյնիսկ եթէ դաշտանադադարը տակաւին տեղի չէ ունեցած։ Թէեւ շատեր դաշտանադադարը կը կապեն յանկարծակի տաքութեան զգացումներու (hot…

Ճանչցէ՛ք կաթուածի յանկարծակի նախազգուշացնող նշանները եւ արագ շարժեցէ՛ք

Կաթուածը կը շարունակէ մնալ լուրջ հաշմանդամութեան եւ մահուան գլխաւոր պատճառներէն մէկը, սակայն ախտանշանները արագ ճանչնալը եւ անմիջապէս բժշկական օգնութեան դիմելը կրնան զգալիօրէն բարելաւել արդիւնքները։ «Մայօ քլինիք»ի (Mayo Clinic) մասնագէտները կը շեշտեն, որ կաթուածի նախազգուշացնող նշաններուն ծանօթ ըլլալը եւ արագ շարժիլը կամ գործելը կրնան փրկել ուղեղի գործառոյթը եւ կեանքեր։ «Կաթուածի բուժման պարագային «ժամանակը ուղեղ է» (Time…

Ինչո՞ւ տարիքի հետ կը կորսնցնենք մեր ուժը․ գիտնականները կը բացայայտեն սննդային կարեւոր գործօն մը

Nutrients ամսագրին մէջ հրապարակուած միջազգային լայնածաւալ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ 50 տարեկանը անցած անձերու մօտ սպիտակուցներու ցած օգտագործումը կապուած է մկանային ուժի աւելի արագ անկումին եւ առօրեայ գործունէութիւնները կատարելու կարողութեան նուազումին հետ։ Ուսումնասիրութիւնը իրագործուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Դանիոյ, Ֆինլանտայի, Փաքիստանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Աւստրիոյ համալսարաններէն գիտնականներու խումբի մը կողմէ՝ Շարժայի համալսարանէն Ռիզուան…

«Աննախադէպ ազդեցութիւն». փորձարարական բուժումը քանի մը հիւանդներու մօտ ամբողջութեամբ կը վերացնէ քաղցկեղը

Գիտնականները քաջալերական արդիւնքներ հաղորդած են քաղցկեղի դէմ նոր դեղի «ամիվանթամապ»ի (amivantamab) միջազգային «քլինիք»ական փորձարկումէն։ Դեղը շարք մը դէպքերու պարագային ամբողջովին վերացուցած է ուռուցքները գլխու եւ վիզի քաղցկեղի ծանր ձեւերով տառապող հիւանդներու մօտ։ Ինչպէս հաղորդած է The Guardian-ը, ուսումնասիրութեան արդիւնքները ներկայացուած են Չիքակոյի մէջ կայացած Ամերիկեան քլինիքական ուռուցքաբանութեան ընկերակցութեան (American Society of Clinical Oncology) տարեկան համաժողովին,…

Շաբաթական 5 անգամ հաւկիթ ուտելը կապուած է Ալզհայմըրի աւելի նուազ վտանգի հետ, կը յայտնաբերէ նոր ուսումնասիրութիւնը

Գոյութիւն ունեցող որոշ հետազօտութիւններ յանձնարարած են, որ հաւկիթի օգտագործումը կրնայ նպաստել ուղեղի առողջութեան՝ տարիքի յառաջացման հետ, իսկ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ շաբաթական մէկ հաւկիթ ուտելը կապուած էր Ալզհայմըրի հիւանդութեան աւելի նուազ վտանգի հետ։ Նոր ուսումնասիրութիւն մը այժմ կը մատնանշէ, որ շաբաթը առնուազն հինգ անգամ հաւկիթ ուտելը կապուած է Ալզհայմըրի ախտորոշում ստանալու…

Քաղցկեղի նոր գործօն․ ինչպէս թանձրամած միջավայրը կ՛ազդէ ուղեղի ուռուցքային բջիջներուն վրայ

Microsystems & Nanoengineering ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ «կլիոպլասթոմա»ի բջիջներուն՝ ուղեղի քաղցկեղի ամենէն չարորակ տեսակներէն մէկուն, վարքագիծը կ՛ազդուի ոչ միայն քիմիական միջավայրէն եւ հիւսուածքներու կարծրութենէն, այլ նաեւ՝ շրջապատող հեղուկին թանձրամածութենէն։ Այս գիտական աշխատանքը իրագործուած է Chongqing Central Hospital-ի եւ Chongqing University-ի հետազօտողներուն կողմէ։ Անոնք մշակած են նոր փորձարարական հարթակ մը՝…

Գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն կրիփի ժահրը՝ որպէս քաղցկեղի բուժման հիմք

Գիտնականները քաղցկեղի բուժման արտասովոր մօտեցում մը առաջարկած են՝ փոփոխութեան ենթարկելով «կրիփ»ի ժահրը, որպէսզի անիկա ընտրովի թիրախաւորէ ուռուցքային բջիջները եւ օգնէ դիմադրողական համակարգին՝ զանոնք ոչնչացնելու։ Այս մասին հաղորդած է News Medical-ը՝ յղում կատարելով «օնքոլիթիք» ժահրային բուժումի ոլորտին մէջ կատարուած հետազօտութիւններուն։ Հիմնական գաղափարը «կրիփ»ի ժահրը վերածրագրելն է, որպէսզի անիկա կորսնցնէ առողջ հիւսուածքներուն մէջ ազատօրէն տարածուելու կարողութիւնը, սակայն…

Հետազօտութիւն․ արուեստի եւ մշակութային գործունէութիւններու մասնակցութիւնը կրնայ նպաստել կենսաբանական ծերացման դանդաղեցման

Լոնտոնի համալսարանական քոլէճի (University College London) հետազօտողներուն նոր ուսումնասիրութեան համաձայն՝ արուեստի եւ մշակութային գործունէութիւններու մասնակցութիւնը կրնայ նպաստել կենսաբանական ծերացման դանդաղեցման։ Innovation in Aging ամսագրին մէջ հրապարակուած արդիւնքները կը մատնանշեն, որ ստեղծագործական ներգրաւուածութիւնը առողջ ծերացման համար կրնայ նոյնքան օգտակար ըլլալ, որքան ֆիզիքական վարժութիւնը։ Ուսումնասիրութիւնը վերլուծած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ապրող 3,556 չափահասներու տուեալները։ Հետազօտողները արիւնի նմուշներ…

Շաքար–քաղցկեղ կապը․ հինգ բան, որ կ՛արժէ գիտնալ

«Շաքարը կը սնուցանէ քաղցկեղը» արտայայտութիւնը վտանգաւոր է, ըսած է Էրիքա Քոնոր՝ Սթենֆորտ Մետիսինի (Stanford Medicine) ուռուցքաբանական սննդաբան։ «Անիկա վնասակար կրնայ դառնալ վախ եւ թիւրիմացութիւն ստեղծելով՝ գիտական հաւասարակշռուած ըմբռնում մը խթանելու փոխարէն»։ Քաղցկեղի ախտորոշումը յաճախ կը մղէ մարդիկը փնտռելու միջոցներ, որպէսզի վերագտնեն իրենց մարմինին եւ միտքին նկատմամբ վերահսկողութիւնը։ Սնունդը առաջիններէն է, որուն կը դիմեն անոնք, եւ մեր…

Շաքարի օգտագործման եւ մանկական երկրորդ տիպի շաքարախտի վերաբերեալ զարգացող մտահոգութիւնը

Սթենֆորտ համալսարանի, Քալիֆորնիա համալսարանի–Պըրքլիի եւ Քալիֆորնիա համալսարանի–Սան Ֆրանսիսքոյի նոր հետազօտութեան համաձայն՝ շաքարը կրնայ շատ աւելի մեծ դեր ունենալ շաքարախտի յառաջացման մէջ, քան մինչեւ այսօր կը կարծուէր։ Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր սննդամթերքի մատակարարման մէջ շատ աւելի շաքար կայ, շաքարախտի մակարդակները աւելի բարձր են՝ անկախ շաքարին՝ գիրութեան, սննդականոնի այլ բաղադրիչներու, ինչպէս նաեւ շարք…