Lոլիկի հիւթը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը
Թոքիոյի բժշկական եւ ատամնաբուժական համալսարանէն գիտնականներ բացայայտած են, որ լոլիկի հիւթի կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PubMed գիտական էջին վրայ։ Ուսումնասիրութեան մասնակցած է Քուրիյամա քաղաքի 481 բնակիչ: Մէկ տարուան ընթացքին անոնցմէ խնդրուած է խմել իրենց փափաքած քանակութեամբ լոլիկի հիւթ։ Իբրեւ արդիւնք՝ «նախահայբըրթէնշըն»-ով կամ «հայբըրրթէնշըն»-ով տառապող 94 մասնակիցներու պարագային արեան ճնշումի զգալի նուազում արձանագրուած է: Միջին «սիսթոլիք» ճնշումը նուազած է 141,2-էն մինչեւ 137,0 մմ…










